Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը Արցախի Մէջ Կազմակերպելը Խորհրդանշական Իմաստ Ունի»

January 18, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը  Արցախի մէջ կազմակերպելը խորհրդանշական իմաստ ունի, քանի որ մեր նորօրեայ անկախութեան պատմութիւնը եւ անոր հետեւած գործընթացները սկսած են Արցախէն:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան` մանրամասնելով, որ այսօր շատ լուրջ մարտահրաւէրներ կան` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առումներով:

«Նորէն մեր դիտակէտը, որմէ բոլորին պէտք է նայինք եւ լուծումներ գտնենք, Արցախն է: Ասիկա հիմնականին մէջ պէտք է նկատի ունենալ: Վստահաբար, ճիշդ պիտի չըլլար նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը մեր երկրորդ հայկական հանրապետութեան` Արցախի մէջ, Ընդհանուր ժողով գումարած չըլլար: Ասիկա առաջին անգամն է, երբ իր բարձրագոյն ժողովը, պատասխանատու եւ վճռական պահուն կուսակցութիւնը կ՛որոշէ գումարել Արցախի մէջ: Ասիկա նաեւ պատգամ է` թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին առումներով: Մեր բոլոր ուժերը ներդրած ենք` ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի միացման ու մեր անվտանգութեան միասնական համակարգի ձեւաւորման: Այսօր նորէն այդ ընթացքը պէտք է կարեւոր նկատուի, եւ ասիկա ամէնէն գլխաւոր ազդակն է», աւելցուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը:

Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է նաեւ կուսակցութեան հետագայ  գործունէութեան խորհրդարանէն դուրս` ընդգծելով, որ տակաւին  խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ իրենք նշած էին, որ կուսակցութեան հետագայ գործունէութիւնը պայմանաւորուած պիտի չըլլայ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ըլլալու հանգամանքով:

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Արեան Գնով Մեր Շահածը Պիտի Չմսխուի Դիւանագիտական Սեղաններու Շուրջ»

Յաջորդը

Դամասկոս. «Պիտի Պաշտպանենք Մեր Հողը Որեւէ Բռնագրաւումէ, Ներառեալ Թրքականը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.