«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Վերահաստատած Են Երկու Ժողովուրդները Խաղաղութեան Նախապատրաստելու Մտադրութիւնը»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) 16 յունուարին Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները նախ առանձին-առանձին, յետոյ` միասին հանդիպումներ ունեցած են արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը նոյնպէս ներկայ եղած է հանդիպումներուն:
Յայտարարութեան համաձայն, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուան մասնակիցներուն հետ քննարկած է բանակցութիւններու արդիւնքները:
Մինսքի խմբակի համանախագահները նաեւ այցելած են Էլիզէի պալատ, ուր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` դիւանագիտութեան գծով խորհրդականներուն ներկայացուցած են բանակցութիւններու արդիւնքները:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Մնացականեանին ու Մամետեարովին իրենց կարգին յայտնած են, թէ որքա՛ն կը գնահատեն կողմերու գործադրած ջանքերը արդիւնաւէտ բանակցութիւններ կազմակերպելու համար բարենպաստ մթնոլորտը պահպանելու ուղղութեամբ:
Կը Նշուի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր եւ համաձայնած են, որ անհրաժեշտ է յստակ քայլերու ձեռնարկել երկու ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար:
Հանդիպումներու ընթացքին համանախագահները արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ուսումնասիրած են ընթացիկ բանակցային հոլովոյթի հիմնական սկզբունքներն ու չափորոշիչները: Արտաքին գործոց նախարարներն ու համանախագահները ուսումնասիրած են նաեւ բանակցութիւններու հոլովոյթին ուժեղ խթան հաղորդելու նպատակով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հաւանական հանդիպման ուղղուած հետագայ քայլերը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ համանախագահները ընդգծած են նաեւ շրջանի տնտեսական ներուժի իրագործման նպատակով հաւանական փոխադարձ շահեկան նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը:
Համանախագահները մտադիր են մօտիկ ապագային հանդիպիլ երկու պետութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպումը Տեւած Է 4 Ժամ
16 յունուարին Փարիզին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում:
Աւելի քան չորս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են խաղաղ հոլովոյթին առնչուող հարցերու լայն շրջանակի` ներառեալ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելուն, անվտանգութեան եւ շրջանային կայուն զարգացման:
Մնացականեան անգամ մը եւս վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներն ու սկզբունքային դիրքորոշումը` յատկապէս շեշտելով օգտակար հանդիպումներու կարեւորութիւնը աւելի մեծ փոխըմբռնում եւ փոխադարձ վստահութիւն հաստատելու գործին մէջ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են իրենց հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ համանախագահներու օրացոյցին մէջ ներառուած յառաջիկայ քայլերուն շուրջ:
Հանդիպումի նոր ժամկէտները տակաւին հաստատուած չեն, այնուամենայնիւ, արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են յառաջիկայ ամիսներուն շարունակել հետեւողական, նպատակաուղղուած կապերը:



