Իրան ղարաբաղեան հողերը կը նկատէ ազրպէյճանական, կը զօրակցի եւ այսուհետեւ ալ պիտի զօրակցի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին չորեքշաբթի օր Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մոհամետ Պաղերի:
Իրանեան ԻՐՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ազրպէյճանական «Թրենտ»-ի հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ Պաղերի անընդունելի նկատած է «սահմաններու բռնի միջոցներով փոփոխութիւնը»: «Իրան այդ հարցին մէջ միշտ Ազրպէյճանի կողքին է», ըսած է ան:
Ալիեւ Իրանի ղեկավարութեան յայտնած է իր երախտագիտութիւնը «այդ եղբայրական դիրքորոշումին համար» եւ ընդգծած, որ Ազրպէյճան բարձր կը գնահատէ «այդ արդարացի դիրքորոշումը»:
Ան հաղորդած է հայերու կողմէ «բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանի պատմական-կրօնական յուշարձաններու աւերման մասին»:
Պաղերի Պաքու այցելութեան իբրեւ նպատակ նշած է Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական եւ պաշտպանական համագործակցութեան ընդլայնումը:



