Լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն հետ ծանօթացման արարողակարգային հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն մակարդակով:



