Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 16 յունուարին իրարու դէմ կը մրցին Իտալիոյ ախոյեան` Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Իտալացի Մասիմիլիանօ Ալեկրիի գլխաւորած խումբը` Եուվենթուս, երէկ Սէուտական Արաբիա մեկնեցաւ առանց յառաջապահ Մարիօ Մանծուքիչի եւ յետսապահ Մեհտի Պենաթիայի: Անոնք երկուքն ալ վիրաւոր են:
Սակայն ընդհանուր խումբ կը վերադառնայ յետսապահ Ժոաօ Քանսելու, որ իր ստացած վնասուածքին պատճառով շուրջ մէկ ամիս բացակայեցաւ դաշտերէն:
Այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):



