Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու մէջ արտաքին աղբիւր ունեցող ծայրայեղականութեան, մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ իսլամներ զինուորագրելու Քայիտայի փորձերուն դէմ պայքարելու գործնական ռազմավարութիւն մը հրապարակեց:
Ծրագիրը կը նշէ, որ «մեր երկրին խմբակները ծայրայեղականութենէն կամ բիրտ ծայրայեղականներու կողմէ զինուորագրուելէ պաշտպանելը ազգային ապահովութեան առաջնահերթութիւն մըն է»: Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը վերջերս զգուշացուցած էր ամերիկացի զինուորներուն իրենց հայրենիքին մէջ դիմագրաւած վտանգներէն, որովհետեւ անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած կամ բնակող իսլամականներու յարձակումներուն «գլխաւոր թիրախ»-ը կը կազմեն:
Ծրագիրը կը նախատեսէ կառավարական տարբեր գործակալութիւններէ կազմուած «հարուածող ուժ» մը կազմել:


