Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ նախանցեալ օր Ժահիլիէի մէջ կատարուած Մոհամետ Ապու Տիապի քառասունքին իր ներկայութիւնը անձնական հանգամանքով էր եւ ոչ թէ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշիի բնակարանը երէկ կրակոցի ենթարկուեցաւ: Տէյր Ահմարի մէջ գործուած այս արարքին մասին Հապշի մեկնաբանութիւններ չկատարեց` շեշտելով, որ ինք այս դէպքին բացայայտումը կը վստահի ապահովական կառոյցներուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապի Ռամիա շեշտեց, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը կազմելու իրենց իրաւասութիւնները օգտագործեն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի կոչ ուղղեց Արաբական տնտեսական վեհաժողովին եւ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարները իրարմէ անջատելու եւ կառավարութիւն մը կազմելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք կը փափաքին Հըզպալլայի ապազինումը` ի շահ Իսրայէլի եւ ի վնաս Լիբանանի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին վերջ տալու ճշմարտութեան նենգափոխումին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պիլալ Ապտալլա հարց տուաւ, թէ արդեօք արտօնուա՞ծ է երկրին դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ հնչեցնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ շեշտեց, որ Ֆրանսա Լիբանանի նկատմամբ իր օժանդակութեան վերջ պիտի չտայ: Ան ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարուելակերպը դէպի պատերազմ կ՛առաջնորդէ` աւելցնելով, որ Մոսկուա Լիբանանի մէջ իր դերակատարութիւնը պիտի ամրապնդէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն ընկերակցեցաւ սէուտական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Սալամէ Մասլուխին: Քննարկուեցան երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ գերագոյն խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շեշտեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Զիատ Հաուաթ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային պէտք է կազմուի` ընդգծելով, որ պէտք չէ արտաքին որոշումներու եւ օրակարգերու սպասել: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կառավարութեան կազմութեան պատմական որոշումը պէտք է տան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս կարողութիւն չունի տնտեսական յաւելեալ տագնապներ դիմագրաւելու:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդատու Միրէյ Աուն շեշտեց, որ որոշ հարց մը տագնապի վերածելը` Արաբական տնտեսական վեհաժողովը յետաձգելու նպատակով, կը միտի կառավարութեան կազմութեան իմաստով ճնշում բանեցնել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ բարեկամի մը ուղղուած թուիթըրեան գրառումի մը մէջ շեշտեց, որ կան կեցուածքներ, որոնք լռութեան կարիք ունին` ոչ թէ վախի կամ երկիւղի պատճառով, այլ` հոգիի բարձրութիւնը պահպանելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը առկայ է` աւելցնելով, որ Պաապտայի դէմ Այն Թինէի մղած արշաւին մասին հարցականներ գոյութիւն ունին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ կառավարութիւն մը չկազմելու հիմնական պատճառը երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն մերժումն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ դէպի Լիբանան եւ շրջան ամերիկացի պատասխանատուներուն այցելութիւնները ոչինչ պիտի փոխեն շրջանին մէջ ամերիկեան պարտութեան իրականութենէն:

Նախորդը

Թրամփ. «Թուրքիան Տնտեսապէս Պիտի Քանդենք, Եթէ Ան Հարուածէ Սուրիոյ Քիւրտերը»

Յաջորդը

Ֆըրզլի. «Սուրիան Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին Պէտք Է Հրաւիրուէր»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.