Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիպիա Կը Պահանջէ Լիբանանի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Խզել

January 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիպիոյ պետական գերագոյն խորհուրդը երէկ դատապարտեց Ամալ շարժումին կողմէ իր երկրին դրօշակը անարգելու արարքը եւ զարմանք յայտնեց Լիպիոյ ներկայ իշխանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած այդ վերաբերմունքին նկատմամբ:

Լիպիոյ պետական գերագոյն խորհուրդը արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց Լիբանանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել, մինչեւ որ լիբանանեան իշխանութիւնները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն եւ դիւանագիտական համապատասխան քայլեր որդեգրելու յանձնառու մնան:

Միւս կողմէ, Լիպիոյ խորհրդարանը հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է դատապարտէ «միլիսներու» կողմէ Լիպիոյ դրօշակները հրկիզելու արարքը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ արաբական որեւէ երկրի դրօշակի հրկիզումը խիստ մերժելի է, յատկապէս երբ այդ արարքը կը գործուի արաբական այլ երկրի մը մէջ:

Ապուլ Ղէյթ պահանջեց Արաբական տնտեսական վեհաժողովին մասնակցող երկիրներուն նկատմամբ յարգալիր ըլլալ:

Նշենք, որ Լիպիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մոհամետ Սաքանիէ երէկ հաստատեց, որ ի տես նախանցեալ օր Պիելի մէջ Ամալ շարժումի համակիրներուն կողմէ Լիպիոյ դրօշակներու հրկիզումին, լիպիացի ցասկոտ տղաք Թրիփոլիի մէջ յարձակած են լիբանանեան դեսպանատան վրայ եւ դեսպանատան պաշտօնական արձանագրութիւնը պոկելէ ետք դեսպանատան դռները կապած են Լիպիոյ դրօշակներով:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նամակ մը յղեց լիպիացի իր պաշտօնակիցին` հաստատելու համար, որ Պէյրութի մէջ գործուած արարքները Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը չեն արտայայտեր:

Պասիլ դատապարտեց Լիպիոյ դրօշակին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը` ընդգծելով, որ ինք կը մերժէ այդ անարգանքը եւ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան-լիպիական երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ անոնց ճիշդ հունին մէջ զետեղումին, վստահաբար առանց զանց առնելու իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելու թղթածրարին հետապնդումը:

Ան կոչ ուղղեց լիպիացի իր պաշտօնակիցին` օժանդակելու իմամ Մուսա Սատըրի ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններու բացայայտման գործին, ներում հայցելով Լիպիոյ դրօշակին վերաբերեալ արձանագրուած պատահարին համար:

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Հայկական Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Հէյլ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Հաստատեց Ուաշինկթընի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանի Նկատմամբ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.