«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է Պաքուի օդակայանէն Ռուսիոյ հայ քաղաքացիները արտաքսելու դէպքերը: Զախարովա նշած է, որ Ազրպէյճանէն ազգային ծագումի նկատառումներով Ռուսիոյ քաղաքացիներու արտաքսումը այդ մարդոց իրաւունքներու կոպիտ խախտում է: «Ես այդ մասին մեծ քանակութեամբ հաղորդագրութիւններ տեսած եմ, ներառեալ ընկերային ցանցերու վրայ: Տօնական օրերու ընթացքին եւս այդպիսի միջադէպ արձանագրուած է, մենք այդպիսի միջադէպեր նկատած ենք նաեւ նախապէս: Մենք պարբերաբար այդ հարցը դրած ենք Ազրպէյճանի ղեկավարութեան առջեւ, ըսած ենք, որ այդպիսի դէպքերը, ցաւօք, աւանդութիւն կը դառնան` սխալ եւ վատ աւանդութիւն», ըսած է Զախարովա:
Ան նշած է, որ անցեալ տարի ազգային ծագումի նկատառումներով Ազրպէյճան այցելութիւնը մերժելու նուազագոյնը 16 դէպք արձանագրուած է. Ռուսիոյ քաղաքացիները ժամերով պահուած են օդակայանին մէջ, որմէ ետք բռնի արտաքսուած են, իսկ պաշտօնական պատճառ չէ նշուած: «Նշուած փաստերը, մեր կարծիքով, կը նկատուին Ռուսիոյ քաղաքացիներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ», ընդգծած է Զախարովա:
Անոր համաձայն, ատոնք կը հակասեն ռուս-ազրպէյճանական շարք մը համաձայնագիրներու ոգիին: «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ ազրպէյճանական կողմի ուշադրութիւնը հրաւիրած է ստեղծուած իրավիճակի անթոյլատրելիութեան վրայ: Մենք պահանջած ենք դադրեցնել այդ գործելաոճը: Ատիկա չի համընկնիր երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն», ըսած է Զախարովա:
Ան նաեւ յայտնած է, թէ ազրպէյճանական կողմը վստահեցուցած է, որ իրավիճակը պիտի շտկուի:
29 դեկտեմբերին Ռուսիոյ քաղաքացի Քրիսթինա Գէորգեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է, թէ 13 ժամ մնացած է Պաքուի «Հայտար Ալիեւ» օդակայանին մէջ: Ան նշած է, որ ուզած է ամանորեան տօները անցընել Ազրպէյճանի մէջ, սակայն արդէն անձնագիրներու ստուգման վայրին մէջ զինք կանգնեցուցած են: Գէորգեանը նաեւ յայտնած է, որ բացի իրմէ երկու ընտանիքի եւս չեն արտօնած մուտք գործել Պաքու` ազգականներէն մէկուն հայկական մականունին պատճառով:
Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հակազդէ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Լէյլա Ապտուլայեւան, մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի` ազգութեամբ հայ Ռուսիոյ քաղաքացիներու մուտքը երկիր արգիլելու մասին յայտարարութիւնը, անիկա երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւններու ոգիին հակասող որակած է, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան յղումով:
Անդրադառնալով այն բանին, որ ազրպէյճանական կողմը խոստացած է շտկել իրավիճակը, Ապտուլաեւան ըսած է. «Մենք վճռականօրէն կը հերքենք ատիկա: Ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները հիմնուած են իրաւահաւասարութեան վրայ, մինչդեռ «կը շտկեն իրավիճակը» արտայայտութիւնը կը հակասէ իրաւահաւասար երկկողմանի յարաբերութիւններու էութեան», նշած է ան:
Միեւնոյն ժամանակ, Ապտուլայեւան ընդգծած է, որ ատիկա բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն վրայ:



