«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ թիւ 301-րդ յօդուածը անգամ մը եւս գործադրութեան կը դրուի:
Այս անգամ թիրախը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանն է:
Արդարեւ, վերջերս, Տիգրանակերտի դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է Կարօ Փայլանի դէմ, անոր կողմէ անցեալ տարի կատարուած կարգ մը յայտարարութիւններու վերաբերեալ եւ անոնց միջոցով կառավարութիւնը «անարգելու» պատճառաբանութեամբ:
301-րդ յօդուածով հարցաքննութիւն կատարելու համար պայման է ունենալ արդարադատութեան նախարարին արտօնութիւնը:
Այդ պատճառով, Տիգրանակերտի դատախազը այս մասին դիմում կատարած է նախարարութեան, եւ նախարարութիւնը արտօնած է դատ բանալ` ամբաստանութեան մէջ բաւարար հիմքեր տեսնելով:
Այժմ դատախազը կը պատրաստուի Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը խլել, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր դէմ դատին սկսիլ:
Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կարօ Փայլան «գայթակղութիւն» որակեց կատարուածը, որովհետեւ իրեն դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները կը վերաբերին այնպիսի արարքներու, որոնք սահմանուած են երեսփոխանի մը համար սահմանուած պարտականութիւններով:
«Շատ բնական է երեսփոխանի մը` իր ընտրատարածքին մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպումներ ունենալը, անոնց խնդիրները լսելը, ապա անոնց մասին ելոյթ ունենալը: Հոս 301-րդ յօդուածը կը շահագործուի ընդդիմադիրները լռեցնելու նպատակով: Նման քայլեր անընդունելի են քաղաքականութեան մէջ», աւելցուց Փայլան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը պատիժներ կը սահմանէ Թուրքիոյ պետականութիւնը, թուրք ժողովուրդը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ նախագահը հրապարակայնօրէն վարկաբեկողներուն դէմ եւ տասնամեակներէ ի վեր կը շահագործուի լռութեան մատնելու համար այլախոհները: 301-րդ յօդուածի զոհերէն մէկն էր թուրք ազգայնամոլի մը կողմէ սպաննուած «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինք:



