Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյէն յայտարարած է, թէ Եւրոպան արդէն սկսած է միացեալ բանակի ստեղծման աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը:
Ան ընդգծած է, որ Գերմանիան ու Ֆրանսան Եւրոպայի պաշտպանական ոլորտը յառաջ մղող ուժերն են, որոնք մէկը միւսին պիտի օգնեն տարածքային զինեալ յարձակման պարագային:
Նոյեմբերին հաստատուած ծրագիրին համաձայն, Ֆրանսան, Պելճիքան ու Կիպրոսը կը ստեղծեն «Պիանտ Լայն աֆ Սայթ Լենտ Պաթըլֆիլտ» կոչուող հրթիռային համակարգերու ընտանիքը: Մէկ այլ ծրագիրի ծիրին մէջ ալ Յունաստանը, Իտալիան եւ Սլովաքիան եւրոպական զրահապատ հետեւակի մարտական մեքենայ կը ստեղծեն:
Նախարարը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 25 պետութիւնները միաւորուած են ոչ թէ որովհետեւ Պրիւքսելէն այդպիսի ցուցմունք ստացած են, այլ` կամաւոր կերպով, որովհետեւ ատիկա կը բխի Եւրոպայի անվտանգութեան շահերէն:
«Եւրոպան կը շարունակէ ըլլալ բացառիկ միութիւն, որ ազատութեան եւ բարգաւաճման դրօշի տակ միաւորած է կէս միլիառ մարդ: Եւրոպան պէտք է կարենայ ինքզինք պաշտպանել», ըսած է նախարարը:
Ան նաեւ առաջարկած է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբեր ստեղծել:



