Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ նախագահի պաշտօնին վրայ իր երկրորդ նստաշրջանի մեկնարկը նշեց, սակայն շարք մը երկիրներ անոր երդման արարողութիւնը օգտագործեցին` նուազեցնելու դիւանագիտական կապերը, մերժելու անոր օրինականութիւնը եւ զինք բռնապետ նկատելու:
Լատինամերիկեան 17 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան Մատուրոյի կառավարութիւնը նկատեցին անօրինական:
Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը որդեգրեց Մատուրոյի նախագահական երկրորդ նստաշրջանի օրինականութիւնը չճանչնալու որոշում մը, որ ներկայացուած էր Քոլոմպիոյ, Արժանթինի, Պրազիլի, Չիլիի, Քոսթա Ռիքայի, Միացեալ Նահանգներու, Փարակուէյի եւ Փերուի կողմէ: Կազմակերպութեան մօտ Վենեզուելայի դեսպան Սամուէլ Մոնքատա դատապարտեց որոշումին որդեգրումը` զայն նկատելով «մեր ժողովուրդի կամքին դէմ թշնամական արարք մը»:
Փարակուէյ քայլ մը անդին երթալով խզեց Վենեզուելայի հետ իր դիւանագիտական կապերը: Փերու իր կարգին Քարաքասէն տուն կանչեց իր վերջին դիւանագէտը եւ արգիլեց Մատուրոյի վարչակազմին 100 անդամներուն մուտքը երկիր:
Արժանթին առկախեց Մատուրոյի վարչակազմին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դիւանագիտական եւ պաշտօնական անցագիրները:



