Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Ելեւմուտքի Նախարարը Իրաքը Դուրս Կը Բերէ «Թշնամի Պետութիւններ»-ու Ցուցակէն

January 12, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «124նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ իրաքեան պատուիրակութիւններու Իսրայէլ տուած գաղտնի այցելութիւններու մասին տեղեկութիւններէն ետք, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Մոշէ Քահալոն ստորագրած է յատուկ հրամանագիր մը, որ կը ճշդէ. «Իրաքը թշնամի պետութիւն մը չէ, ուստի անոր անունը մինչեւ յառաջիկայ մարտ կը ջնջուի «թշնամի պետութիւններ»-ու ցուցակէն, ինչ որ կ՛արտօնէ անոր հետ փոխադարձ առեւտուր հաստատել»:

Քահալոն հրամանագիրին մէջ կը նշէ, որ իր լիազօրութիւններուն հիմամբ «կ՛արտօնէ, որ Իրաքի հետ մինչեւ 31 մարտ 2019 վարուին այնպէս, որ անիկա առեւտրական հարցին մէջ նշուած իմաստով թշնամի պետութիւն չէ»:

Իսրայէլեան օրէնքի հիմամբ «թշնամի պետութիւններ»-ու ցուցակին վրայ են Լիբանանը, Սուրիան, Եմէնը, Իրանն ու Սէուտական Արաբիան:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս իրաքեան երեք պատուիրակութիւններու Իսրայէլ տուած գաղտնի այցելութիւններու մասին խօսած էր: Նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ նշած էր, որ Իսրայէլ այցելած իրաքցի ազդեցիկ սիւննի եւ շիի անձնաւորութիւններուն թիւը 15 է: Անոնք այցելած են Ողջակիզումի թանգարան եւ հանդիպում ունեցած իսրայէլացի պաշտօնատարներու եւ ակադեմականներու հետ` ընդգծելով, որ կը զօրակցին այդ նախաձեռնութեան:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էմանուէլ Նահշուն 2 օր առաջ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին իր կարգին խօսած էր պատուիրակութիւններու այցելութիւններու եւ ընկերային ցանցերու ճամբով Իրաքի ու Իսրայէլի միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան մասին եւ ընդգծած. «Կ՛ողջունենք արաբական երկիրներէն եւ Իրաքէն եկող պատուիրակութիւնները»:

Իրաքի խորհրդարանի դիւանի անդամ Հասան Քարիմ Քաապի Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջած էր անցեալ տարի տեղի ունեցած այդպիսի այցելութիւններու վերաբերեալ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հաղորդած լուրին շուրջ հետաքննութիւն կատարել:

 

Նախորդը

ՀՅԴ – Փաղանգաւոր Հանդիպում. «Ապրիլ 24»-ը Ցեղասպանութեան Յիշատակումի Օր Հռչակելու Օրինագիծ

Յաջորդը

Լատինամերիկեան Երկիրները Դիւանագիտական Մեկուսացումի Ենթարկեցին Վենեզուելան

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.