Թուրքիոյ մէջ ձմեռնային զբօսաշրջութեան ամէնէն կարեւոր ուղղութիւններու շարքը համալրած են ներկայիս այդ երկրին սահմաններուն մէջ գտնուող Վանը, Կարսն ու Համշէնը:
Թրքական mynet.com կայքը վարկանշային ցուցակ կազմած է` զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ տալով անպայման այցելել Աղթամար:
«Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան լաւագոյն օրինակներէն է», կ’ըսուի յօդուածին մէջ:
Ցուցակին մէջ երկրորդ տեղը գրաւած է պատմական Համշէնը, ապա Կարսը, Պայազիտը եւ ժամանակակից Թուրքիոյ արեւմտեան շարք մը շրջաններ:



