Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թող Արդար Ներկայացուցչութիւնը Իրաւարարը Ըլլայ` Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն Իմաստով Արձանագրուած Որեւէ Տարակարծութեան Պարագային» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սեպիթարի արքեպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ու նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Հանի Շմայթլիի:

Հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը շնորհաւորեց նախագահ Աունը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան այսօր կը տառապի ներքին ընկճուածութենէ, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքներէն:

«Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, կը ջանամ պահպանել ազգային հսկայ ընտրանքները, որոնք որդեգրուած են, եւ որոնց շնորհիւ տասնամեակներէ ի վեր կը  պաշտպանուի երկիրը: Կը գործենք հիմնուելով լիբանանեան ժողովրդավարութեան վրայ, այլ խօսքով` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութեան հիման վրայ: Համախոհութեան սկզբունքով կ՛առաջնորդուինք նաեւ երկրին նոր կառավարութիւնը կազմելու առումով` գործակցելով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան դիտել տուաւ, որ ժամանակին Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը երկար կը տեւէր, որովհետեւ խորհրդակցութիւնները երկարատեւ կ՛ըլլային` նկատի ունենալով խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութեան անճիշդ պատկերը: «Սակայն նկատի ունենալով երեսփոխանական վերջին ընտրութիւնները եւ զանոնք համամասնական ընտրական օրէնքի հիման վրայ կատարելու իրականութիւնը, կազմութիւնը պէտք չէր այսքան երկարատեւ ըլլար, եթէ սկիզբէն արդար ներկայացուցչութիւնը իրաւարարը ըլլար` կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն իմաստով արձանագրուած որեւէ տարակարծութեան պարագային», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Աուն զգուշացուց իրենց շահերուն կառչած մնացող կարգ մը քաղաքական ուժերը, որ երկրին պայմանները չեն ներեր, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը աւելի եւս յապաղում արձանագրէ: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնելու եւ բարձրանալու երկրին սպառնացող աւելի հսկայական մարտահրաւէրներու մակարդակին:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան այն երկիրներէն է, որ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ ընդունած է եւ տակաւին կը տառապի այդ իրականութեան հետեւանքներէն` նկատի ունենալով երկրին տարածութիւնը, ենթակառոյցը, սահմանափակ հարստութիւնները եւ բնակչութեան թիւի աճը, որ սկսած է լիբանանեան ընկերութեան սպառնալ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածները կրնան վերադառնալ իրենց հայրենիքը եւ հոն արժանապատուութեամբ ապրիլ, ինչպէս նաեւ իրենց ներդրումը ունենալ իրենց հայրենիքին վերաշինութեան մէջ, յատկապէս պատերազմի աւարտէն եւ լիբանանեան քաղաքներուն սովորական կեանքի վերադարձէն ետք:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով միջազգային ընտանիքին կեցուածքը անյստակ է. «Աւելի՛ն. միջազգային կազմակերպութիւններուն կեցուածքները մտահոգիչ են, այն իմաստով, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու անոնց կառչածութիւնը կը թուի ըլլալ լիբանանցիները արտագաղթի մղող միջոց մը: Արդեօք Լիբանանի ճակատագիրը պէտք է ըլլայ նաեւ շրջանի խաղաղութեան սա՞կը վճարել, ինչպէս որ ան սուղ վճարած է շրջանի պատերազմներուն գինը», հարց տուաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ հակառակ Լիբանանի դէմ բանեցուած իսրայէլեան մնայուն ճնշումներուն, ըլլան անոնք Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին թէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, թէ դատապարտումները եւ սպառնալիքները, Լիբանան միշտ յանձնառու է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

«Իսրայէլեան սպառնալիքները, մնայուն ճնշումները, անյստակ լուծումները եւ գաղտնի համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ սուրբ հողերուն ինքնութիւնը փոխելու փորձերը` Երուսաղէմը յայտարարելով Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ անոր հրէականացումով, բոլորը վտանգի նախանշաններ են եւ ներկայ տագնապին վերջ չեն տար: Ընդհակառակն` նոր պատերազմներ կրնան բռնկեցնել` նոր արտագաղթի եւ ցեղային նոր մաքրագործումի դիմաց դռներ բանալով», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան ընդգծեց, որ Երուսաղէմը արգիլեալ կամ առանձնացած քաղաքի կարելի չէ վերածել: «Իսկ խաղաղութիւնը հիմնուած է իրաւունքները ճանչնալու եւ ընդունելու վրայ, նոյնիսկ եթէ անիկա աւելի դժուար է: Եթէ այդ խաղաղութիւնը անարդար ըլլայ, ապա միայն թուղթի վրայ արձանագրուած կ՛ըլլայ եւ ժողովուրդներու վրայ իր ազդեցութիւնը չ՛ունենար, այլ խօսքով` չի գոյատեւեր», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Ժոզեֆ Սեպիթարի արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ դիւանագիտական եւ տնտեսական զօրակցութիւն կը ցուցաբերուի բոլորին կողմէ` դիմագրաւելու համար իր դժուարութիւնները, ըլլան անոնք ներքին թէ արտաքին, ինչպէս նաեւ լուծումներ գտնելու սուրիացի տեղահանուածներու հարցին:

Պապական նուիրակը մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ իրականացնել նախագահ Աունի նախաձեռնութիւնը` Լիբանանը վերածելու երկխօսութեան ակադեմիայի, նկատի ունենալով ազգային միասնականութեան, բազմազանութեան եւ համերաշխութեան լիբանանեան օրինակը:

Ժոզեֆ Սեպիթարի արքեպիսկոպոս յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կ՛ըլլայ, որպէսզի Լիբանան կարենայ օգտուիլ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային օժանդակութենէն, ինչպէս նաեւ գործադրէ իր միջազգային յանձնառութիւնները` յատկապէս «Սետր»-ի խորհրդաժողովի ընթացքին կատարուած, որպէսզի փաստէ միջազգային ընտանիքին իր վստահելիութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ խաղաղութիւնը հիմնական ընտրանք է եւ նոր յանձնառութիւն` անհրաժեշտ նկատելով, որ Լիբանան նախանձախնդրութեամբ գործադրէ իր յանձնառութիւնները` ՄԱԿ-ի զօրակցութեամբ, յատկապէս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Վերածուած Է Անցեալ Անկատար Բայի, Իսկ Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովը Թող Յետաձգուի»

Յաջորդը

«Նորմա»-ն Հեռացաւ Լիբանանէն` Իր Ետին Թողելով Հսկայական Աւերներ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.