Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրայր Ռէյիսեան. «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ջանքերով 2019-ին Աշխուժ Թափով Կը Վերականգնին Ազգային Կառոյցները»

January 10, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը 2019-ին աշխուժ թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքը: Ինչպէս որ 2018-ին այդ ուղղութեամբ զգալի աշխատանք տարուած էր, նոյնպէս ալ այս տարի աշխուժօրէն պիտի շարունակուի այդ աշխատանքը:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ 2019-ը աշխարհին համար ըլլայ խաղաղ տարի մը: Հալէպի ազատագրումէն ետք սկսաւ վերականգնումի հոլովոյթ մը: Կրնանք ըսել, որ կեանքը խաղաղ ընթացքին վերադարձած է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտարարեց վերականգնումի աշխատանքներուն մասին, անոնք սկսած են եւ ընթացքի մէջ են: Պէտք է նկատել, որ այդ վերականգնումի հոլովոյթը միայն հայ համայնքին մէջ չ՛ընթանար, Սուրիոյ իշխանութիւնն ալ այդ գործին ձեռնամուխ եղած է», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:

Անդրադառնալով հայ համայնքի վերականգնումին`, Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ շարք մը կառոյցներ արդէն վերանորոգուած են: Ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Հալէպի հայ ազգային պատսպարանը: Այնուհետեւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի մասնաշէնքերէն մէկը եւ այնտեղ կը շարունակուի ուսումնական կեանքը:

Նախորդ տարի վերանորոգուած է նաեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը:

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ վերականգնումի աշխատանքները մեծ թափով պիտի շարունակուին 2019-ին: Պիտի վերանորոգուին բոլոր կառոյցները` առաջնահերթութեան համաձայն: Ան նկատել տուաւ, որ Հալէպի մէջ աշխուժացած է խանութներու, գործարաններու բացման հոլովոյթը եւս:

«Անոնց շարքին նաեւ հայերու խանութներն ու գործարաններն են: Այսինքն` կրնանք ըսել, որ արդիւնաբերական բաժինը եւս կը վերականգնի, թէեւ ոչ ամբողջական ծաւալով, որովհետեւ ի վերջոյ շատ մը գործարաններ վնասուած են, մեծ կորուստներ կան: Ամէն պարագայի, սակայն, աստիճանաբար տեղի կ՛ունենայ այդ ոլորտին վերականգնումը եւս», ըսաւ ան:

Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց նաեւ սուրիահայերուն Հալէպ վերադարձին մասին: Շատեր կը վերադառնան Հալէպ` իրենց բնակարաններուն մէջ բնակելու, իրենց գործատեղիները վերաբանեցնելու: Կը վերադառնան ե՛ւ Սուրիոյ այլ նահանգներ մեկնածները, ե՛ւ Սուրիայէն դուրս եկողները:

Հալէպի մէջ նախորդ տարի վերանորոգուած են նաեւ ենթակառոյցները: Ջրամատակարարումը բնական կերպով կ՛ընթանայ, ելեկտրականութիւնը օրուան որոշ ժամերուն արդէն կայ: Հանրային ծառայութեան միւս բաժինները եւս բնականոն կ՛աշխատին:

«Հալէպի ազատագրումէն ետք, սուրիական բանակը ազատագրեց երկրին վտանգուած շրջանները եւ այդ հոլովոյթը կը շարունակուի: 2018-ին իսկապէս նկատելի էին խաղաղութեան վերահաստատումին ուղղուած բոլոր աշխատանքները: Տարեվերջին ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու մասին որոշում տրուեցաւ, որուն հետեւեցան որոշ գործնական քայլեր: Այժմ կ՛ակնկալենք, որ կանխուի թրքական ներխուժումը եւ թրքական ուժերը վերջնականապէս դուրս գան սուրիական տարածքներէն: Թուրքիոյ ներկայութիւնը ցոյց տուաւ, որ ան մեծ վնասներու պատճառ հանդիսացաւ` թէ՛ մարդկային կորուստներու եւ թ՛է կողոպուտի ու թալանի առումով», աւելցուց ան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ կառավարման համակարգի փոփոխութիւններուն, նախարարութիւններու թիւի կրճատումին, որոնց շարքին է նաեւ սփիւռքի նախարարութիւնը: Ան այդ առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնեց` ընդգծելով սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութիւնը:

«Ինծի համար քիչ մը անհասկնալի է սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը: Այս կառոյցը մեծ թիւով հայերու հետ գործ ունի, մեծ դերակատարութիւն ունի հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութեան  մասին տակաւին շատ բան կարելի է ըսել: Արժէ նաեւ հարցում ուղղել այդ ծրագիրը իրագործողներուն` թէ արդեօք այս նիւթը քննարկուա՞ծ է սփիւռքի պատասխանատու, հեղինակաւոր անձերուն հետ: Ուշագրաւ է նաեւ մշակոյթի նախարարութեան պարագան: Կը նախատեսուի զայն միացնել ուրիշ նախարարութեան: Մշակոյթը ժողովուրդին հայելին է, երջանկայիշատակ Գարեգին վեհափառը յաճախ կ՛ըսէր, որ մշակոյթը յաղթանակի ճամբան է», եզրափակեց Ժիրայր Ռէյիսեան:

 

 

Նախորդը

«Հայ Մամուլի Տարուան» Նուիրուած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում

Յաջորդը

Անդրադարձ. Թզենիի Տերեւը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.