
Նոր տարուան գիշերը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կազմակերպուած խրախճանքին մասնակցած մեծ թիւով երգիչներու, նուագախումբերու, «Տի. Ճէյ.»-ներու եւ պարախումբերու ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ պարախումբ մը, որ ներկայացուցած է լիբանանեան աւանդական շուրջպարը (տապքէ):

Այդ պարախումբին ելոյթին ընթացքին շուրջ 30 հոգի բեմին շուրջ կանգնած են իրենց ձեռքին ունենալով օրաթերթ մը, որ այս պարագային դարձաւ «Ազդակ»-ը` շնորհիւ կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ գտնուող հայ անհատներու անձնական նախաձեռնութեան:

Այսպիսով, «Ազդակ»-ը անմասն չմնաց նաեւ Նոր տարուան խրախճանքէն:
Դարձեալ նշենք, որ Պէյրութի խրախճանքը նկատուեցաւ համաշխարհային եօթներորդ լաւագոյն խրախճանքը:
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի համաձայն, Նիւ Եորքի, Լաս Վեկասի, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի, Լոնտոնի, Փարիզի եւ Մատրիտի խրախճանքներէն ետք, «Պէյրութ սելեպրէյց 2019» կարգախօսը կրող մայրաքաղաքի խրախճանքը եօթներորդն էր:


