
Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըրներ Կարէն Գրիգորեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան յաղթանակներ արձանագրեցին միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին:
Սպանական Լորքա քաղաքին մէջ մասնակցելով 7-րդ միջազգային փառատօնի մրցաշարքին` Գրիգորեան հանդիսացաւ տիտղոսակիր, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ: Անոր ետին գտնուող հինգ կրանտմասթըրներ անկէ ետ մնացին մէկական կէտով:
Իսկ Մարտիրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ զուիցերիական Ցիւրիխ քաղաքին մէջ կատարուած Ս. Ծննդեան 47-րդ միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ, հանդիսացաւ տիտղոսակիր` լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցելով 4 ուրիշներու, որոնք եւս ապահովեցին 5,5-ական կէտ:


