
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Փոլ Ուիլըն, որ Մոսկուայի մէջ լրտեսութիւն կատարելու ընթացքին ձերբակալուած է, գողութեան ամբաստանութեան հիմամբ վտարուած է ամերիկեան բանակէն եւ 2007-էն ի վեր կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէր Ռուսիա:
Օրաթերթը, յղում կատարելով անոր բարեկամներուն, հաղորդեց, որ ձերբակալեալը Ռուսիոյ նկատմամբ բարձր գնահատում ունի եւ քիչ մը ռուսերէն կը խօսի:
Ուիլըն ամերիկեան ծովուժի նաւազներուն մաս կազմած է 1994-ին եւ երկու անգամ` 2004-ին եւ 2006-ին ծառայած է Իրաքի մէջ: Ան 2008-ին գողութիւն կատարելուն պատճառով բանակէն վտարուած է` վատ վարմունքին համար:
«ՊորըՈւոռնըր» ընկերութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Ուիլըն ապահովութեան ոլորտի իր տնօրէնն է:
Միւս կողմէ, Ուիլընի հարազատները կը պնդեն, թէ ան անմեղ է եւ Մոսկուա մեկնած էր հարսանիքի մասնակցելու համար:
«Մենք խորապէս մտահոգ ենք անոր անվտանգութեամբ, անոր անմեղութիւնը կասկածներ չի յարուցեր, եւ մենք կը հաւատանք, որ անոր իրաւունքները պիտի պաշտպանուին», նշած են անոնք իրենց բաց նամակին մէջ:
Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակը Ուիլընի ձերբակալութեան լուրը հաղորդեց 31 դեկտեմբերին, թէեւ ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած էր օրեր առաջ:
Ըստ ռուս պաշտօնատարներուն, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիին ներկայացուած է լրտեսութեան մեղադրանք, որուն համար կը նախատեսուի 10-20 տարուան բանտարկութիւն:


