Երկկողմանի համաձայնութեամբ մը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հայկ Իշխանեանի եւ Գանձասար – Կապանի միջեւ տեղի ունեցաւ պայմանագիրի խզում:
Ան 2015-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբին հետ: 98 մրցումի ընթացքին ան իր ակումբին հետ նշանակեց 5 կոլ:
Գանձասար – Կապանի ղեկավարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկ Իշխանեանին կապանեան ակումբին մարզաշապիկով ունեցած ելոյթներուն համար եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ:


