
Շաբաթ, 29 դեկտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Նոր տարուան առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակումէ ետք, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ մը այժմէական հարցերու:


