
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ապահովական կառոյցներու բարձրաստիճան պատասխանատուներն ու հրամանատարները, որոնք շնորհաւորութիւններ ներկայացուցին անոր Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով:
Նախագահ Աուն դրուատեց ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը, անոնց աշխուժ դերակատարութիւնը երկրին ապահովութեան եւ կայունութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ոճիրներու եւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ ապահովական կառոյցները ամրապնդեն երկրին կայունութիւնը:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին միասնականութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ տագնապները լուծելու հիմնական յոյսն է: «Լիբանանեան բանակը գլխաւոր նեցուկն է ապահովական այլ ուժերու, որոնք կը գործեն ի խնդիր լիբանանեան ապահովական կայունութեան պահպանումին», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ոճիրներու, թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան եւ փտածութեան դէմ մղուած պայքարին արդիւնքները բաւական լաւ են` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը շատ կարեւոր է, եւ պէտք է լաւ կազմակերպուիլ Լիբանանի մէջ օտարերկրացիներու գոյութիւնը պաշտպանելու եւ անոնց կեցութիւնը կարգաւորելու առումով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ թմրեցուցիչի գործածութիւնը եւ անոր առեւտուրը կարելի է կանխարգիլել դաստիարակութեամբ, որ կը սկսի տան մէջ, ապա` դպրոցին եւ համալսարաններուն, հասնելով մինչեւ քեփթակոնի արտադրութեան գործարանները հալածանքի ենթարկելը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ թմրեցուցիչի գործածութեան պատճառով մահացողներուն թիւը շատ աւելի բարձր է, քան 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած նահատակներուն թիւը: Ան շեշտեց, որ այս առումով ապահովական բոլոր կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ փտածութեան հարցին` ընդգծելով, որ անոր լուծումը հսկայական ճիգերու կը կարօտի եւ ամէնէն աւելի տարածուած է պետական վարչութիւններուն մէջ, որոնք քաղաքացիներուն հարցերով կը զբաղին: «Փտածութեան դէմ պայքարը յստակ է, որ դժուար է, սակայն պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել եւ դատական իշխանութիւններուն հետ գործակցիլ, որպէսզի կարելի դառնայ փտածութեան դէմ պայքարին յաջողութիւնը ապահովել», շեշտեց նախագահ Աուն:


