Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը ողողուած էր մանուկներով եւ պատանիներով, որոնք ժամադրուած էին Կաղանդ պապուկին հետ, որ հասաւ այդ առիթով պատրաստուած Կաղանդի գեղարուեստական յատուկ տօնակատարութեան աւարտին:
Բեմադրութեամբ Հրայր Գալեմքէրեանի, կատարողութեամբ «Արեգ» թատերական դպրոցին, մասնակցութեամբ «Գայեանէ» պարախումբին եւ «Կարկաչ» երգչախումբին, հրամցուեցաւ «Թզուկներու փնտռտուք» խորագիրը կրող, երգերով, պարերով, ասմունքով եւ թատերական կարճ կտորներով յագեցած ներկայացումը, որ մեծ խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Հաճելի էր բոլորին մասնակցութիւնը, տօնական մթնոլորտը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապային գալուստով:
Աւարտին նուէրներ բաժնուեցան բոլոր մանուկներուն եւ պատանիներուն:




