Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Մոսկուա Այցելեց. Փութին. «Մոսկուան Եւ Երեւանը Պէտք Է Շարունակեն Համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի Շրջագիծին Մէջ»

December 28, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան եւ Երեւանը պէտք է պահպանեն համագործակցութիւնը անվտանգութեան մարզին մէջ` ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին եւ համարկումի այլ միաւորումներու մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Կը կարծեմ, որ կայ յարաբերութիւններու զարգացման դրական շարժ, եւ անիկա պէտք է զարգացնել: Մենք պատրաստ ենք անոր, պիտի կատարենք մեզմէ կախեալ ամէն բան, որպէսզի յարաբերութիւններու դրական մակարդակը պահպանուի ո՛չ միայն տնտեսական, այլ նաեւ այլ ուղղութիւններով: Նկատի ունիմ համագործակցութիւնը անվտանգութեան ապահովման մարզին եւ  համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին մէջ», ըսած է Փութին` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին օրակարգը բաւական ընդգրկուն էր:

Փութին շնորհաւորած է Փաշինեանը` խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթելուն առիթով` մաղթելով յաջողութիւն:

Ան ընդգծած է, որ Մոսկուային եւ Երեւանին կը կապեն դաշնակցային յարաբերութիւններ, որոնք ունին հարուստ բովանդակութիւն:

Միւս կողմէ, «Ռիա նովոսթի»-ն կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի  Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին  ըսած է, թէ Հայաստանը մտադիր է զարգացնել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ` Եւրասիական տնտեսական միութեան համարկումը:

«Մենք մտադիր ենք Ռուսիոյ հետ զարգացնել յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով: Ես համոզուած եմ, որ նոր ձեւաւորուած խորհրդարանը պիտի շարունակէ զարգացնել միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները: Մենք դրականօրէն տրամադրուած ենք նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ», ըսած է Փաշինեան:

«Ռիա Նովոսթի»-ն կը յայտնէ նաեւ, որ Փաշինեանը Փութինին` 2019-ին Երեւան պաշտօնական այցելութիւն տալու հրաւէր ուղղած է:

Փութին, իր կարգին յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու աշխուժութիւնը պէտք է պահպանել, այդ կարգին` անվտանգութեան մարզին մէջ, ՀԱՊԿ-ի գծով եւ այլ միաւորումներու մէջ:

Նախորդը

Մնացականեանը Եւ Լաւրովը Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Օրակարգին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Փոխարինեց Վոնտրուշովան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.