Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի քաղաքական խորհրդական Խալտուն Շերիֆը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:



