Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ռումբի Մը Պայթումին Համազօր Գրառումը

December 25, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 19 դեկտեմբերին «Թուիթըր»-ի վրայ քանի մը տողերէ բաղկացած գրառում մը կատարելով վճռեց Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ եւ Մընպեժ գտնուող քիւրտերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու ճակատագիրը` անակնկալի մատնելով բոլորը, մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի մնացեալ անդամները: Քիւրտերը այդ արարքը իրաւամբ կոչեցին «թիկունքէն դաշոյնի հարուած մը» եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Մընպեժի վերեւ բարձրացնելու Սուրիոյ դրօշը: Այդ յուսահատ քայլը եւ նմանօրինակ յայտարարութիւնները, սակայն, պիտի չկարենան փրկել զանոնք, ինչպէս որ չկրցան փրկել Աֆրինի մէջ:

Ստեղծուած կացութեան մէջ Փենթակոնի ղեկավարն ու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչն ու Անգարայի աչքին փուշը եղող Պրաթ Մքկըրք հրաժարեցան: Ըստ տեղեկութեանց, վերջինս իր երկրի որոշումին մասին տեղեակ դարձած է «Թուիթըր»-ի վրայ կատարուած գրառումէն, մինչ Պաղտատի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ կ՛ունենար հանդիպումներ: Կարելի է միայն երեւակայել այն նեղ ու խայտառակ կացութիւնը, որուն դէմ յանդիման գտնուած է ան: Հեգնական է, որ, ըստ տեղեկութեանց, Անգարան, ի տարբերութիւն Մքկըրքի, այդ ծրագիրէն տեղեակ եղած է արդէն 17 դեկտեմբերին:

Ճիշդ է, որ Ուաշինկթըն նախապէս յայտարարած էր, թէ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք, քիւրտերուն հետ իր դաշինքը վերջ կը գտնէ, սակայն ահա անակնկալ կերպով եւ նախքան ՏԱՀԵՇ-ի պարտութիւնը կը հեռանայ շրջանէն` ստեղծելով բաց մը: Այժմ Ռուսիոյ կամ Իրանի այդ բացը լեցնելու վտանգը կանխարգիլելու համար, նախապէս գոյացած համաձայնութեամբ մը, յառաջ կը մղուի Թուրքիոյ «թեկնածութիւնը»: Թրամփ կը հաւաստէ, թէ Էրտողան խոստացած է վերջ տալ ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդացին եւ ան «անձ մըն է, որ կրնայ ատիկա կատարել», մանաւանդ որ Թուրքիան մերձակայ երկիր է: Կարելի՞ է բացառել, թէ շաբաթը ուրբաթէն առաջ կրնայ գալ…:

Թրամփի գրառումը մեծ ռումբի մը պէս պայթեցաւ եւ ստեղծեց կատարուած իրողութիւն մը` հաւասարապէս անակնկալի մատնելով դաշնակիցներն ու հակառակորդները: Առաջիններուն, եւ ընդհանրապէս արար աշխարհի մօտ, ամերիկեան վարչակարգին նկատմամբ անվստահութիւնը առաւել եւս ամրապնդուեցաւ: Ամրապնդուեցաւ նաեւ թուիթըրեան դիւանագիտութիւնը, որ աշխարհի միակ գերուժի նախագահին կողմէ կը կիրարկուի փոխան աւանդական դիւանագիտութեան` առաւել եւս ամրագրելով զայն կիրարկողին անկանխատեսելիութիւնը եւ ականահարելով Միացեալ Նահանգներու իբրեւ դաշնակից վստահելիութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Քեզի՛ Համար, Հայաստան…

Յաջորդը

Մանուկ Յիսուսը` Հաշտութեան Առաքեալ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.