Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ընկերային Յանձնախումբին. Աւելի Քան Հարիւր Մանուկներ Տօնական Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ Տօնեցին Կաղանդը

December 25, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տօնական եռուզեռ կը տիրէր: Երաժշտութիւն, մանուկներու խայտանքի ճիչեր  պարուրած էին Կեդրոնը: Արդարեւ, ԼՕխ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի եւ ընթացիկ տարուան Կազդուրման կայանի աւելի քան հարիւր աշակերտներ փութացած էին կեդրոն` ամանորեան անմոռանալի եւ ուրախ պահեր անցընելու:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը մեղուաջան եւ կազմակերպական բծախնդիր աշխատանք տարած էր, որպէսզի մանուկներուն նուիրուած այս յայտագիրը յաջողութեամբ պսակուի:

Տօնական յայտագիրի մեկնարկը տուաւ եւ երեխաներուն բարի գալուստ մաղթեց ընկերային յանձնախումբի անդամ Թալին Կէօվօղլանեան: Ան յայտնեց, որ աւանդական այս ձեռնարկը մէկ նպատակ կը հետապնդէ` ուրախացնել մեր մանուկները եւ անոնց փոխանցել Ս. Ծննդեան սիրոյ, ներողամտութեան եւ խոնարհութեան պատգամը: Թալին Կէօվօղլանեան մաղթեց, որ երեխաները ուրախ եւ առողջ օրեր ունենան:

Ապա փոքրիկները հիւրասիրուեցան ընկերային յանձնախումբին կողմէ եւ «Փոքրերու աշխարհ» մանկական խումբը իր երգերով, պարերով ու խաղերով բերկրանքի պահեր պարգեւեցին իրենց: Անշուշտ տօնին սպասուած հիւրի ժամանման անհամբեր սպասեցին մանուկները եւ իրենց բարձրաղաղակ երգերով դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկն ու իր եղնիկը եւ շուրջպար բռնեցին անոնց շուրջ:

Աւարտին  Կաղանդ պապուկին բերած նուէրները բաժնուեցան մանուկներուն: Բոլորը գոհունակ սրտով մեկնեցան սրահէն: Նշենք, որ այս նուէրները տրամադրուած էին զանազան բարերարներու կողմէ:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Յաջորդը

Քեզի՛ Համար, Հայաստան…

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.