Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին

December 25, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 24 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ արտակարգ եւ լիազօր նոր նշանակուած դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ:

Դեսպան Աթաբէկեան բարի գալուստ մաղթեց ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամներուն եւ հաստատեց անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն-Դաշնակցութիւն փոխլրացուցիչ համագործակցութիւն ծաւալելու:

Երեսփոխան Բագրատունի իր հերթին, ողջունելով դեսպանին նշանակումն ու ժամանումը Լիբանան, ընդգծեց Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը միշտ կողքին կանգնելու պետութեան նախաձեռնած ծրագիրներու իրագործման:

Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան  տեղեկատուութեան ոլորտին, հայրենիք-սփիւռք կապերու եւ յատկապէս մշակութային ոլորտին մէջ իրականացուելիք համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի Երեւան կայացումէն ետք  եւ անոր շրջանակներուն մէջ Երեւան-Պէյրութ յարաբերութիւններու զարգացման նոր հեռանկարներուն վրայ:

Հանդիպումի աւարտին երեսփոխան Բագրատունի դեսպանին յանձնեց յուշանուէր մը` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի թեմային յատկացուած եւ Արցախի մէջ պատրաստուած գորգ մը: Դեսպան Աթաբէկեան բարձր գնահատեց Կեդրոնական կոմիտէի այս նախաձեռնութինը եւ ըսաւ, թէ յատուկ խորհուրդ ունի այս յուշանուէրը` Հայաստանի Հանրապետութեան յատկացուած, Արցախի մէջ հիւսուած եւ Լիբանանի մէջ յանձնուած ըլլալու հանգամանքները նկատի ունենալով:

 

 

 

Նախորդը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ս. Ծննդեան Պատգամը . «Մեր Աչքերը Սեւեռենք Մսուրին Մէջ Մարմնացած Աստուածորդիին»

Յաջորդը

«Ռուսիան Գործիք Պիտի Չդառնայ Միացեալ Նահանգներու Շահերու Սպասարկման Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.