Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

December 9, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՄԵԾ ՀԱՅԱՍԷՐԸ

(ՆԱՆՍԷՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի հովանաւորութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութեան Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպած է յիշատակի հանդէս մը, մեծ հայասէր Ֆրետիոֆ Նանսէնի ծննդեան100-ամեակին առթիւ, կիրակի, 10 դեկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի չեփըլին մէջ:

Յիշատակի այս հանդէսը, որ Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ համազգային բնոյթ կը ստանայ, երախտագիտութեան դոյզն արտայայտութիւն մըն է հանդէպ ազնիւ նորվեկիացիի մը, որուն սրտին մէջ այնքան լայն տեղ ունէր հայ ժողովուրդն ու անոր արդար դատը:

Հայ ժողովուրդը երախտագէտ ժողովուրդ է: Երբեք չի մոռնար այն ձեռքը, որ գէշ օրերուն, ճգնաժամային պահերուն, երկարած են իրեն խոր մարդասիրութեամբ տոգորուած հոգիներ, որոնք ճանչցած են ու սիրած զինք:

Նանսէնի անունը անքակտելիօրէն կապուած է հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան, որուն կարեկից մօտեցում ունեցաւ Նորվեկիոյ մեծ զաւակը, որ մարդկութեան խիղճը  որպէս, առաջին աշխարհամարտի վաղորդայնին, ծառացաւ այն արհամարհանքին ու ուրացումին դէմ, որուն կ՛ենթարկուէր  հայութիւնը եւ անոր արդար դատը` դաշնակիցներու կողմէ:

Անկախ իր այս հանգամանքէն, որ այսօր իր յիշատակին շուրջ կը բոլորէ հայութիւնը, Նանսէն արժանի է միջազգային յարգանքի, իբրեւ բացառիկ գիտուն ու տաղանդաւոր գրագէտ, որ հանդիսացաւ առաջին բեւեռախոյզը եւ արդար մարդը…

Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք տակաւին իրենց գրպանին մէջ ունին «Նանսէնեան» անցագիր: Կար ժամանակ, երբ հայութեան բեկորները, միայն այդ անցագիրով կը տեղափոխուէին աշխարհի մը մէջ, որ այնքան անգութ եղած էր իրենց հանդէպ ու անկարեկիր:

Այսօր, երբ Նորվեկիա կը տօնէ իր մեծ զաւկին ծննդեան հարիւրամեակը` շքեղ հանդիսութիւններով, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդի երախտագիտական արտայայտութիւնները, որոնք կ՛ըլլան հրապարակային հանդէսներով, պիտի հանդիսանան պսակումը այն համաշխարհային յարգանքին, որ Նանսէնի անունը կը գտնէ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:

Մարդիկ մեծ են այն չափով, որ իրենց կեանքը նուիրած են հայրենիքին եւ այդ հայրենիքին էական տարրերը կազմող անկորնչելի արժէքներուն: Ասիկա` ազգային չափանիշով: Կայ նաեւ ուրիշ չափանիշ մը, որուն քիչեր կ՛արժանանան: Ասիկա վերապահուած է անոնց, որոնց իտէալն է բովանդակ մարդկութիւնը, մանաւանդ մարդկային այն տարրերը, որոնք ամէնէն աւելի պէտք ունին կարեկից նուիրումի եւ զոհողութեան:

Նանսէն եղաւ այն քիչերէն մէկը, որ կրցաւ ազգային շրջագիծէն դուրս գալ եւ ամբողջ սրտով ու մտքով նուիրուիլ մարդկութեան: Ու այսօր, երբ նորվեկիացի ժողովուրդը կը տօնէ իր արժանաւոր զաւկին ծննդեան հարիւրամեակը, առաւելաբար նկատի կ՛ունենայ Նանսէնի համամարդկային դէմքը, որմէ սփռուող լոյսը, գիտէ, թէ կը ցոլանայ ամբողջ Նորվեկիոյ վրայ, կը պատուէ ու կը փառաւորէ այդ մեծ ազգը, որ տակաւին վերջերս, առիթը գտաւ Սելանիկի մէջ յաւերժութեան նոր կոթող մը կանգնելու ի յիշատակ մեծ մարդասէրին:

Պէյրութ գեղեցիկ բացառութիւն մը պէտք չէ կազմէ` այն համազգային տուրքին մէջ, որ հայութիւնը պարտաւոր է տալու իր անկեղծ բարեկամին: Վստահ ենք, որ այլ գաղութներու մէջ եւս, Նանսէնի յիշատակը կը մեծարուի` ի նշան երախտագիտութեան: Մանաւանդ վեր կը հանուի այն անհուն սէրը, որ Նանսէն եւ իր նմանները տածեցին հայ ժողովուրդի հանդէպ, անոր պատմութեան ամէնէն մռայլ օրերուն:

Նեղ օրերուն տրուած գաւաթ մը ջուրը չի մոռցուիր: Ու մնաց, երբ այդ ջուրին հետ կը տրուի նաեւ համապարփակ սիրտ մը, որ տառապեցաւ հայ ժողովուրդի ցաւերով եւ օգնութեան ձեռք երկարեց մեր տարահալած բազմութիւններուն, երկրէ երկիր եւ գաղութէ գաղութ:

Հայութիւնը պիտի գիտնայ արժանի ըլլալ իր մեծ բարեկամին անմոռանալի գործին:

Նախորդը

Օդերեւոյթ ( 9 դեկտեմբեր 2011 )

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՓՈՓՈԽՈՒՈՂ ԴԷՄՔԵՐ` ՄԷԿ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։