Լոնտոնեան Արսենալը դուրս մնաց Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքէն, երբ լոնտոնեան տերպիի մրցումին, հիւրընկալելով Թոթենհամը, պարտուեցաւ 2-0 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 12-րդ վայրկեանին ունեցաւ կոլ նշանակելու 100 տոկոսնոց առիթ մը, երբ առանձին մնալով մրցակից ակումբի բերդապահին հետ, չկրցաւ ցնցել անոր բերդին ուռկանը:
Ան փոխարինուեցաւ կիսախաղի դադարին:
Տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին 22 մրցում անպարտելի մնալէ ետք, Արսենալ կրեց իր յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը:
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Չելսի, որ նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Պուրնըմաութին` պելճիքացի միջնապահ Էտեն Հազարի նշանակած կոլին շնորհիւ (84-րդ):
Անոնք երկուքը իրարու դէմ պիտի մրցին կիսաւարտականին:
Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան գործող տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթի եւ Պարթըն (Բ. դասակարգ):
Նախորդ տարեշրջանի աւարտականին, Արսենալ պարտուած էր Մանչեսթըր Սիթիէն:



