Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայր Մարուխեանի Կեանքը Կազմեց Կուսակցութեան Պատմութիւնը

December 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Հրայր Մարուխեան իր անձին հմայքով, խօսքին ջերմութեամբ եւ մանաւանդ իր ծաւալած գործին տարողութեամբ եզակի եղաւ ընդհանուրին մէջ, անոր կեանքին պատմութիւնը միաժամանակ պատմութիւնը կազմեց իր անձնաւորած կուսակցութեան, յատկապէս` վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն:

Բազմաճակատ պայքարի ռահվիրայ, քաղաքական յարաբերութիւններու եւ կազմակերպական աշխատանքի չյոգնող ճամբորդ, որ ներկայ եղաւ ամէնուրեք, ուրկէ որ հայ կեանքի ու Հայ դատի կանչը լսեց:

Կուսակցութեան հանդէպ իր հաւատքը շատ բարձր եղաւ իր շրջապատէն, նոյնիսկ` իր անձէն: Հաւատաց, որ կուսակցութիւնը կը պատկանի իրեն եւ ինք` կուսակցութեան: Եւ այդ հաւատքը իրեն համար կազմեց կեանքի ուղեցոյց, կամքի եւ ուժի անսպառ աղբիւր:

Համոզումով ընկերվարական ու գաղափարի մարտիկ` Հ. Մարուխեան յաջողեցաւ իր շուրջ խմբել գաղափարական սերունդ  մը եւ զայն հմայել իր հաղորդականութեամբ ու վարակիչ խօսքով, եւ այդ սերունդին ներարկեց մարտական ոգի ու զոհաբերութեան յանձնառութիւն: Այդ սերունդը փարած մնաց իրեն եւ այսօր ալ երախտապարտ է իր յիշատակին: Նոյն սերունդն է ընդհանրապէս, որ ներկայիս կը ղեկավարէ կուսակցութիւնը` ի սփիւռս եւ ի Հայաստան: Սերունդ հասցնելը ղեկավարի մը թերեւս ամէնէն նուիրական պարտականութիւնն է:

Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչում գտած ըլլալու իրողութեան մէջ անչափելի եղաւ Մարուխեան Հրայրի ներդրումը` մարտունակութիւն ներշնչող իր ոգիով, պետական դէմքերու հետ իր տեսակցութիւններով եւ իր քաջ կեցուածքներով: Իր սեփական

կեանքին դէմ նիւթուած դաւադրութիւններն ու սպառնալիքները ոչ մէկ ձեւով ազդեցին իր վրայ: Չընկրկեցաւ երբեք ու պայքարը շարունակեց, այնքան ատեն որ միջազգային իրադրութիւններն ու քաղաքական մթնոլորտը ձեռնտու եղան այդ պայքարին համար:

Ղարաբաղեան շարժումի առաջին օրերէն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովն ու Բիւրոն պատուիրակեցին ընկեր Հրայրը, որպէսզի կենսաւորէ «Դէպի Երկիր» կարգախօսը:

Սկզբնական շրջանի անորոշ ու տարտամ «Դէպի Երկիր» յղացքը շուտով լիցք ու իմաստ ստացաւ եւ իբրեւ բիւրեղացեալ գաղափար` հմայեց հոգիները եւ վեհապետեց մտքերու վրայ:

Ինքնապաշտպանութեան առաջին զէնքերը հասան Ղարաբաղ, եւ Դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ հայրենի աշխարհին մէջ:

Այս մեծ ու ազգակերտ գործին մէջ` շատե՜ր, շատեր ունեցան իրենց արիւնի ու քրտինքի անչափելի բաժինը, բայց այդ գործին մէջ ընկեր Հրայրին ղեկավարման գործի բաժինը առանձնապէս յատկանշական եղաւ:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայաստանի Ազատագրութեան Յանդուգն Կամքը

Յաջորդը

Ղեկավարը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.