Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայաստանի Ազատագրութեան Յանդուգն Կամքը

December 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

17 յուլիս 1994-ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ ետք, 21 դեկտեմբեր 1998-ին վախճանեցաւ, 24 դեկտեմբերին դագաղով Հայաստան տարուեցաւ, 26 դեկտեմբերին պաշտօնական շուքով յուղարկաւորութեան արժանացաւ եւ իր պաշտած հայրենի հողին գիրկը վերջնական հանգիստը գտաւ բառին ամբողջական իմաստով ՄԵԾ ՀԱՅ մը` ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ-ի ճառագայթող դէմքով, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան:

Ամէն բանէ առաջ եւ վեր` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ զինուոր»-ն է ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով հորիզոն բացաւ, ուղի հարթեց, պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց հաւաքական կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ համայն պահանջատէր հայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան:

Իր ոգեղէն անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ նկարագրին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անվեհեր յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը ազգային ղեկավարի արժանաւորութեամբ ընդունեց եւ վստահեցաւ տարաբախտ մեր ընկերոջ:

Հայրենի հայութիւնը գրկաբաց ընդունեց «տուն դարձ»-ը իր գաղափարապաշտ զաւակին եւ դաշնակցական ղեկավարի ոգեշնչող աւանդը պայծառակերպած նուիրեալներէն Հրայր Մարուխեանի:

24 դեկտեմբեր 1998-ի երեկոյեան ուշ ժամերուն «Զուարթնոց» օդակայանը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկարող ճամբան բարձրաձայն վկան դարձան հայոց ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն անարդարութիւններէն ու անիրաւութիւններէն մէկը սրբագրելու մեր ժողովուրդին հաւաքական վճռակամութեան:

Հազարաւոր դաշնակցականներ եւ համակիրներ փութացած էին «Զուարթնոց»` ազգի եւ հայրենիքի արժանաւոր նուիրեալը դիմաւորելու եւ իր յաւիտենական հանգիստին արժանացնելու համար: Այդպիսո՛վ Հրայր Մարուխեանը արժանացնելով պայքարի դաշտին վրայ ինկած հերոսի «տուն դարձ»-ի փառքին` հայրենի հայութիւնը իր հատու պատասխանը տուաւ եւ փակեց ամօթալի էջը վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 29 յունիս 1992-ին գործուած ազգային-քաղաքական սայթաքումին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` Հրայր Մարուխեանը իր պաշտած հայրենիքէն վտարելու անարժան հրամանագրին:

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի գաղափարական դիմանկարի ուրուագծման դիտանկիւնէն,  յատկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունի անոր անձին եւ անոր սերնդակից ու պաշտօնակից ընկերներուն հաւաքական արժեւորումը` իբրեւ ՀՅԴ հաւաքական ղեկավարութեան մեծ աւանդին մարմնաւորում տուած նուիրեալներու, որովհետեւ անոնք միասնաբար հանդիսացան տարագիր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սերնդափոխութիւն յառաջացնելու շարժումին ղեկավարները` հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելով եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդելով արդէն սփիւռքեան դիմագիծ առած ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Անոնց գաղափարական ներդրումին ու կազմակերպական ղեկավարման ոճին արգասիքը եղաւ ՀՅԴ Բիւրօ անուն դաշնակցական մարմինին բարոյական հեղինակութեան բարձրացումը:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան յանդուգն կամքին, որ Հրայր Մարուխեան անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի կեանքին վրայ:

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Ծառան Ու Դաշնակցութեան Զինուորը

Յաջորդը

Հրայր Մարուխեանի Կեանքը Կազմեց Կուսակցութեան Պատմութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.