Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մկրտութեան Խոստումի Վերահաստատում

December 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 դեկտեմբեր 2018-ին, եւ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն համար կազմակերպուեցաւ մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումի արարողութիւն:

Վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները այդ օր կատարեցին իրենց մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումը` պատանի տարիքին մէջ հաստատելով ըլլալ այն, ինչ որ իրենց մանկահասակ տարիքին` սուրբ մկրտութեան ատեն կնքահօր բերնով յանձնարարուած էր իրենց` որպէս հաւատաւոր քրիստոնեաներու:

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագի ընթացքին, զոր մատուցեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհն. Յովհաննէսեանը, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ եղան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը, ուսուցիչներ, աշակերտներու ծնողներ, կնքահայրեր ու կնքամայրեր, հարազատներ:

Տէր Րաֆֆի իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ պատանի խոստումնաւորները երկրի լոյսն են ու աղը` Յիսուս Քրիստոսի իսկ բնորոշումով, հետեւաբար կոչուած են քրիստոնէավայել կեանքի մը, որուն նպատակն է հաւատքով եւ բարի գործերով Փրկիչին լոյսը սփռել աշխարհի տարածքին: Ան յորդորեց աշակերտներուն ծնողները, որ անձնական օրինակով իրենց զաւակներուն ցոյց տան ճշմարտութեան ճամբան եւ ամէն ջանք թափեն, որ անոնք չխոտորին երբեք:

Աշակերտները իրենց հերթին կատարեցին անհատական եւ հաւաքական աղօթքներ` օրուան խորհուրդին համաձայն, հուսկ, ստորագրութեամբ վաւերացնելով իրենց խոստումը` ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու վերաբերեալ:

Նախորդը

Փորձ-Հարցարան. Գիտէ՞ք Յարմար Նուէրներ Գնել

Յաջորդը

Առաւե՛լ Գաղափարապաշտութիւն Նուա՛զ Ճառախօսութիւն (ԼԵՄ 45-ամեակ)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.