ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ուրկէ՞ եկեր է հէգ մեղուն կը տառապի
Աստիճանին: Իր ուժերը թող ան գտնէ
Սիրելեաց քով ելլէ երթայ: Կը պայքարին
Մեղուն ու ցաւն, մէկը չկայ զինքը բուժէ:
Սէր տայ իրեն, ոտքի հանէ, ծաղիկներուն
Հիւթը ծծէ: Անկարող եմ բան մը ընել
Իրեն համար, իր երկիրը ելլէ երթայ…
Կը վերյիշեմ մեղուներու պատմութիւններ:
Թող չպակսի մեղու մըն ալ մեր աշխարհէն:
Անոնց մեղրը թանկագին է, աղբիւր կենաց
Ու բալասան, բնութեանն ու մարդկութեանը
Հիւթէն անոնց կը յղանան բոյս ու ծաղիկ:
Մեղուներուն նուազիլը ողբերգական,
Ցաւալի է մեր աշխարհին: Երեկոյեան,
Աստիճանին, կը քնանայ: Կը պատմեմ իմ
Խօսակիցս այդ հէգ մեղուին մահուան մասին:
Քովը կ՛երթաք, բոյնէն հեռու, ան կը հանգչի:
… Երկու օր ետք ընկերներով կը խօսակցինք,
Անուշ հոտէն նօթի մեղու ներս կը մտնէ,
Շուրջ կը դառնայ տիկնոջ քիթին, բերնին, աչքին:
Կ՛ըսեն տիկնոջ` դուն մի շարժիր, դուն մի խօսիր,
Դուն մի՛ վախնար, դուն մի՛, մի՛, մի՛… տիկնոջ վախէն
Կ՛երթայ մեղուն, նորէն կու գայ իր սիրածին
Քիթին բերնին…: Երեանի՜ թէ զիս խայթէ:
Քեզ խայթէ՞, իրա՞ւ կ՛ըսես, ինչո՞ւ խայթէ:
Որովհետեւ, օգտակար է: Ատոր ի՞նչը օգտակար է:
Փենեսիլինի չափ օգուտ եւ ուժ ունի:
Փենեսելինի ո՞ւժ կ՛ուզես: Բժիշիկդ քեզ հատ մը թող տայ:
Ինչպէս եկաւ, գինով մեղուն այնպէս գնաց թափառելու գինով մեղուն,
Նոր աշխարհի, ձիթենիի ճիւղերուն մէջ նոր աշխարհին`
Ասեղ կու տայ: Անուշ ըլլայ: Լա՛ւ, որ մեղուն չի հասկնար,
Բարեկամս, քիթ բերանդ պիտի ուռէր… Երանի թէ զիս խայթէ՞:
Նիս, մայիս, 2016



