Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ մրցում մը, որուն ընթացքին Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Պէյրութը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:45-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է եւ կը մնայ անպարտելի:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով արձանագրել իրենց վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը ամուր կառչած մնալու համար պարագլուխի դիրքին:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` աւարտին միասնաբար տօնելու համար յաղթանակը:
Մրցումէն առաջ, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ (երկրորդ յարկ) տեղի պիտի ունենայ գործընկերութեան համաձայնագիրի կնքում` «Մաուարետ» դրամատան եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ:



