Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ, Բացթողումներ (Բ.) Ելեկտրոնային Մրցավազք

December 18, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հասկնալիօրէն տպագիրի եւ թարմացուող կայքի հրապարակած լրատուութիւններու կշռոյթները համընթաց չեն: Ընթերցողները պէտք է յաճախ նկատած ըլլան, որ լուրի մը հրատապութիւնը կը պարտաւորեցնէ նախքան թերթին մէջ հրատարակուիլը տեղադրուիլ կայքին վրայ: Այստեղ արագութիւնը կրնայ լեզուական որոշ բացթողումներու տեղի տալ: Բնականաբար տպագիրի նման, յատկապէս շտապ լուրերու պարագային, յաւելեալ խմբագրման, սրբագրման, վերասրբագրման ընթացակարգէն անպայման չեն անցնիր նիւթերը` լրատուութիւնը հրապարակելու ոչ անպայման մրցավազքին հետ քայլ պահելու, այլ հրատապ լուրը կայքաւորելու համար:

Նիւթը կայքին վրայ զետեղուելուն առընթեր, անոր կապը արագօրէն կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի ընկերային ցանցի էջերուն եւ խումբերուն վրայ` արագօրէն բազմապատկելով «Ազդակ»-ի կայքի այցելուներուն համրիչի ցոյց տուած թիւերը:

Հրատապ լուրերու հրապարակման համար այս գործողութիւններուն առընթեր շարունակեց գործել «Ազդակ»-ի էփլիքէյշընի ճամբով արագ լրահոսը: Հիմնականին մէջ լիբանանեան եւ հայրենի  հրատապ լուրեր փոխանցող այս դրութիւնը հետզհետէ նոր բաժանորդներով կը համալրուի: Էփի ճամբով ամբողջ թերթի բովանդակութեան հասանելի կը դառնայ էնտրոյտի, Էփփըլի օգտատէրը` կարելիութիւն ունենալով հետեւելու արագ լրահոսին: Թէեւ Էփը արդէն չորս տարիէ ի վեր համախմբած է հազարաւոր հետեւողներ, այսուհանդերձ նկատելի է Էփի քարոզարշաւի թերի կողմը: Անպայման պէտք է զանգուածայնացնել «Ազդակ»-ի Էփը:

Էփի արագ լրահոսը լիարժէք ծառայեց իր նպատակին, երբ ինչպէս Լիբանանի երեսփոխանական, այնպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, կանուխ ժամերէն մինչեւ քուէատուփերու փակուիլն ու նախնական արդիւնքներու հրապարակումը` գրեթէ շուրջօրեայ դրութեամբ գերարագ կշռոյթներով ապահովեց լրատուութիւնը: Նկատելի էր քանի մը անգամ, որ երկու ընտրութիւններուն պարագային «Ազդակ»-ի հրապարակումները արագութեան տեսակէտէն անզիջելի էին այլ մրցունակ լրատուամիջոցներու:

Եթէ յատուկ առիթներու Էփի աշխատակիցները գերազանցեցին լուր հրապարակելու արագութիւնը, ապա երբեմն մեզի հասան դժգոհութիւններ ոչ աշխատանքային օրերու Էփի համեմատաբար ոչ միեւնոյն աշխատունակութիւնը ցուցաբերած իրավիճակին մասին: Կէտ մը, որ մեր հետագայ աշխատանքային ծրագրումներուն մէջ անպայման նկատի կ՛ունենանք:

Եթէ «Ազդակ»-ի դիմատետրի էջերը դրսեւորեցին աշխուժութիւն, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել «Ազդակ»-ի Թուիթըրի եւ Ինսթակրամի էջերուն մասին: Երկուքը յատուկ աշխատանքի կը կարօտին աշխուժանալու, հետեւորդներ ապահովելու եւ Ֆէյսպուքի առընթեր «Ազդակ»-ի նիւթերը տարածելու ուղղութեամբ:

Ելեկտրոնային լրատուամիջոցի արդի միտումները առաւելաբար կեդրոնացած են համացանցային հեռարձակումներու դրոյթներուն վրայ: Կը թուի, որ այս ուղղութիւնը տակաւին զարգանալու տեղ ունի: Առ այս պահը «Ազդակ», զուտ լրատուական, թղթակցային հասկացողութեամբ չ՛օգտագործեր ուղիղ եթեր հեռարձակումներ կատարելու տրամադրութիւնը: Այս կարելիութիւնը կրնայ օգտագործուիլ հարցազրոյցներու, լսարաններու, թէ ձեռնարկներու պարագային:

Այս անմիջական կարելիութեան առընթեր հաւանաբար պէտք է նախապատրաստել համացանցային հեռատեսիլի նախագիծ մը: Վիճակագրական տուեալները սկսած են ցոյց տալ, որ դասական հեռատեսիլը պիտի զիջի համացանցային հեռատեսիլին կողմէ գրաւուող հասանելիութեան:

Գրեթէ անհրաժեշտ է աշխատանքային բաժանում կատարելը թերթի եւ կայքի բովանդակութեան: Նոյնքան անհրաժեշտ` ընկերային ցանցերու գերաշխուժացումն ու համացանցային հեռարձակումներով զբաղող երիտասարդ խմբակի յառաջացումը:

Լրատուութիւնը, մանաւանդ այսօրուան օրէ-օր արագութեան նոր մրցանիշներ արձանագրող լրատուական համակարգին մէջ գերարագ մրցավազք է: Պատասխանատուութիւնն ու հաւաստիութիւնը պահելով մենք գերարագ կշռոյթներուն հետ քայլ պահելու անզիջելի առաջադրանք ունինք: Ետ մնալը որեւէ ձեւով չ՛արդարացուիր:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպեցաւ Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին

Յաջորդը

Կռփամարտ. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Մետալներու Տիրացան Լաթվիոյ Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.