Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Թիֆլիսի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէին հետ:
Մամուքա Պախթածէ շնորհակալութիւն յայտնած է Արմէն Սարգսեանին` Վրաստանի նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար, կը հաղորդէ նախագահի մամլոյ գրասենեակը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ իրեն համար պատիւ է Վրաստանի համար այս կարեւոր իրադարձութեան ատեն գտնուիլ դրացի եւ բարեկամ երկրին մէջ:
Հայաստանի նախագահը եւ Վրաստանի վարչապետը միտքեր փոխանակած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկայ օրակարգին շուրջ` ընդգծելով համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ խորացնելու կարեւորութիւնը:



