Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան անդրադարձած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, թէ ինչո՞ւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցը չի բարձրացներ նաեւ Ռուսիոյ առջեւ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին` Եղոյեան ըսած է.
«Անդրադառնալով պարոն Լուքաշենքոյի յայտարարութեան` անհրաժեշտ կը նկատեմ կատարել քանի մը կարեւոր արձանագրութիւն:
Դժբախտաբար, պարոն Լուքաշենքոն կը շարունակէ փակ հանդիպումներու բովանդակութիւնը հրապարակելու փորձը:
Դժբախտաբար, պարոն Լուքաշենքոն հերթական փակ հանդիպումէն հրապարակած է միայն ա՛յն, թէ ի՛նչ ըսած է ինքը եւ չէ հրապարակած ա՛յն, թէ ի՛նչ պատասխաններ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետէն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահին հետ քննարկումներուն ընթացքին միշտ, նաեւ պարոն Լուքաշենքոյի յիշատակած հանդիպումին ընթացքին յատկապէս, բարձրացուցած է Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին վաճառուող զէնքի խնդրայարոյց հարցը:
Հայաստանը տրամադրուած է շարունակելու քննարկումները Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ` կազմակերպութեան անդամ երկիրներու փոխադարձ դաշնակցային պարտաւորութիւններու լիարժէք կատարումը ապահովելու ուղղութեամբ»:



