Երեւանն ու Մոսկուան կը մշակեն փաստաթուղթ մը, որով պիտի երաշխաւորուի օտարերկրացի զինուորականներու բացակայութիւնը Հայաստանի տարածքին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` պատասխանելով «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» ձայնասփիւռի կայանին Հայաստանի մէջ ամերիկեան կենսաբանական տարրալուծարաններու մասին հարցումին:
«Այդ փաստաթուղթը յստակ երաշխիքներ պիտի տրամադրէ, որ այդ երկրին մէջ ամէն ինչ թափանցիկ ձեւով կը կատարուի եւ երաշխիքներու տեսանկիւնէն որեւէ վտանգ կամ սպառնալիք գոյութիւն չունի», նշած է Լաւրով:
«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ ան ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ արձանագրած է, որ այսօրուան դրութեամբ աշխարհի վրայ աննախադէպ լարուածութիւն կը բորբոքի:
Լաւրով նշած է. «Առանցքային երկիրներու մէջ քաղաքական գործիչները, այնուամենայնիւ, պէտք չէ, չեն կրնար արտօնել որեւէ մեծ պատերազմ, որ հասարակական կարծիքը այդպէս ալ չ՛արտօներ»: «Յոյսով եմ, որ արեւմտեան իւրաքանչիւր երկրի մէջ խորհրդարաններն ալ առաւելագոյն պատասխանատուութիւն կը ցուցաբերեն», աւելցուցած է ան:
«Սակայն ես բացարձակապէս համաձայն եմ, որ աննախադէպ լարուածուիւն կը բորբոքի», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:



