ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութիւն հրապարակած է` վերահաստատելով, որ հակառակ ազրպէյճանական նորանոր ջանքերուն, յանձնախումբը աննկուն կամքով պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:
Հայ դատի յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Վերջերս, Քանատայի տարածքին ազրպէյճանական շարք մը հոսանքներ, սադրիչ արարքներով, անգամ մը եւս փորձեցին հրահրել հայ համայնքը, սակայն անոնց փորձը, ինչպէս միշտ, մնաց ապարդիւն: Այս անգամ, իրենք զիրենք իբրեւ կազմակերպուած համայնք ներկայացուցած, բազմատեսակ յերիւրանքներ եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով, փորձ կատարեցին բողոք ներկայացնել մեր կեդրոններու տարածքներուն մէջ տեղադրուած արցախեան դրօշակներուն դէմ:
«Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կու գայ հաստատելու մեր ժողովուրդին, թէ քանատահայ համայնքին մէջ, այնտեղ, ուր կը տրոփէ հայ ժողովուրդի սիրտը, Արցախի Հանրապետութեան պանծալի դրօշը պիտի շարունակէ հպարտօրէն ծածանիլ` խորհրդանշելով արցախեան ժողովուրդի ազատ ոգին ու վճռակամութիւնը եւ մեր սերունդներուն փոխանցելով հայ ժողովուրդի արդար պայքարի կենսունակութիւնն ու յաղթանակը:
«Անցնող քանի մը տարիներուն ընթացքին, Քանատայի մէջ արցախեան հիմնահարցին ուղղութեամբ տեղի ունեցած աննախադէպ յառաջխաղացքը, խորհրդարանական այցելութիւնները, խորհրդարանին մէջ հնչած շարք մը յայտարարութիւնները եւ մեր յանձնախումբի ընդհանուր աշխատանքը` ընդդէմ Ազրպէյճանական ապակայունացնող քաղաքականութեան, անհանգստացուցիչ կը թուի ըլլալ Քանատայի մէջ կայք հաստատած փոքրաթիւ ազրպէյճանական համայնքին համար:
«Նկատի ունենալով մեր քաղաքական ազդեցիկ լայն շրջանակներն ու կարողութիւնները եւ նամանաւանդ մեր օրակարգերուն մէջ արցախեան հիմնահարցին առաջնահերթութիւնն ու այդ ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները, զարմանալի պէտք չէ թուի, որ ազրպէյճանական համայնքը նման փորձ կը կատարէ քանատահայ համայնքին դէմ` փորձելով ջլատել յանուն Արցախի ժողովուրդի պահանջատիրութեան եւ արդար դատի լուծման մեր պայքարը:
«Հետեւաբար, անգամ մը եւս կու գանք հաստատելու քանատահայ համայնքին, որ մենք պիտի չշեղինք մեր ուղիէն, պիտի դիմագրաւենք մեր առջեւ ծառացող խոչընդոտները եւ աննկուն կամքով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները` մինչեւ արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծումը եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի ու անկախութեան միջազգային ճանաչումը»:


