«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, արձանագրեց 126-111 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Ռոքեթցի այս յաղթանակը կերտողը գրեթէ եղաւ Ճէյմս Հարտեն, որ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (50 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ:
Ռոքեթց իր այս յաղթանակը կերտեց մրցումին վերջին քորթըրին (36-23):
Պարտութիւն կրեց նաեւ Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը` Քլիփըրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտին վրայ (125-87):


