Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:
«Մենք պիտի շարունակենք խաղաղ հոլովոյթը` ի բարօրութիւն շրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան: Լուծումը կը պահանջէ բոլոր կողմերուն ջանքերը», գրած է Փաշինեան:



