Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 15 դեկտեմբերին` իրեն մրցակից ունենալով շուէտացի Սվեն Փոռնլինկը: Այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ գերմանական Համպուրկ քաղաքին մէջ:
Իր կատարելիք այս մենամարտին ընթացքին, 34 տարեկան Կարօ Մուրատ պիտի փորձէ իր մօտ պահել կիսածանր քաշային կարգի «Տապըլիու. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանութեան գօտին:



