Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան Եւրոպայի ցամաքամասի զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պելճիքան, Շուէտը եւ Մալթան:
Այս խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան Շուէտի մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:



