Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Մենք Կառավարութիւնը Կազմելու Վերջին Հարիւր Մեթրին Մէջ Կը Գտնուինք»

December 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Լոնտոնի մէջ ըսաւ, թէ Լիբանան տակաւին խաղաղութեան եւ կայունութեան ովասիս է: «Մենք շատ դասեր քաղեցինք մեր ապրած քաղաքացիական պատերազմէն: Ես ջանք կը թափեմ, որպէսզի տարբեր կողմերու միջեւ վէճերը չվերսկսին», յայտնեց Հարիրի:

Հարիրի նշեց, որ Լիբանան կ՛ապրի դժուար եւ բարդ շրջանի մը մէջ: «Պէտք է աշխատինք, որպէսզի խուսափինք Սուրիոյ պատերազմի Լիբանան ներթափանցումէն եւ խուսափինք նաեւ Նեթանիահուի կառավարութեան պնդած մագլցումէն», ընդգծեց Հարիրի: Ան աւելցուց, որ մագլցումէն խուսափելու առաքելութիւնը կը դժուարացնեն սուրիացի ու պաղեստինցի գաղթականներու ներկայութիւնը եւ Իսրայէլի սպառնալիքները:

Հարիրի նշեց, որ կայ համաձայնութիւն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ երեսփոխաններուն հետ` բարեփոխումներու օրէնքներու արագ վաւերացման վերաբերեալ:

Վարչապետը աւելցուց. «Մենք կեդրոնացած ենք «Սետր»-ի վեհաժողովի գործնականացման ձեւին եւ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն վրայ, ինչ որ յառաջընթաց կը նկատուի»: Ան նշեց, որ իրենք կառավարութիւնը կազմելու վերջին հարիւր մեթրին մէջ կը գտնուին: Ըստ Հարիրիի, Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը տեղի պիտի ունենայ տարուան աւարտէն առաջ:

«Հըզպալլա պիտի չփոխէ կարծիքս Իրանի եւ շրջանի հարցերուն հետ վերջինիս վարուելակերպին մասին», շեշտեց Հարիրի: «Որոշեցինք հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի ընտրութենէն ետք մեր շրջանային վէճերը մէկ կողմ դնել եւ աշխատիլ ի նպաստ երկրի շահերուն», ընդգծեց Հարիրի:

Ան յայտնեց, որ պէտք է գործադրել թիւ 1701 բանաձեւը, եւ գետնափոր փապուղիներու հարցը կը լուծէ լիբանանեան բանակը: «Պէտք է իսրայէլը պատասխանատուութեան ենթարկել այդ բանաձեւը խախտելուն համար: Չեմ կարծեր, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կռիւներ տեղի պիտի ունենան, եւ ոչ ոք պատերազմ կ՛ուզէ Լիբանանի մէջ»:

Հարիրի աւելցուց, որ կը փորձենք բոլորը մղել ընդունելու կառավարութեան մէջ կնոջական ներկայացուածութեան չափաբաժինը:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ տկար կացութեան մէջ կը գտնուի եւ պէտք է մտիկ ընէ ռուսերուն ու իրանցիներուն:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ միջազգային առեւտուրի նախարար Ուիլիըմ Ֆոքսի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ գործակցութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Թուրք Դասախօսը «Թուրի Մնացորդ» Կոչած Է Պոլսահայ Լրագրողը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.