Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի չորեքշաբթի օր կատարած այն յայտարարութենէն ետք, թէ թրքական զինեալ ուժեր երկու օրէն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործողութիւն մը պիտի շղթայազերծեն քիւրտերուն դէմ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ միակողմանի գործողութիւն մտահոգիչ է եւ անընդունելի:
«Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններու որեւէ կողմին մէջ միակողմանի զինուորական գործողութիւնները անընդունելի են, եւ մեզ խիստ կը մտահոգէ այն հանգամանքը, որ գործողութեան ժամանակ ամերիկեան ուժերը կրնան այդ տարածքին մէջ ըլլալ», ըսած է Փենթակոնի բանբեր Շոն Ռապըրթսըն:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Թուրքիոյ սահմանային անվտանգութեան, սակայն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը չէ աւարտած, եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը շարունակեն «գործընկեր մնալ»:
Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները իրենց կարգին զգուշացուցին, որ որեւէ յարձակումի ենթարկուելու պարագային պիտի կիրարկեն իրենց շրջանները պաշտպանելու իրաւունքը եւ մինչեւ վերջ պիտի դիմադրեն:
Նշեալ ջոկատներու բանբեր Նուրի Մահմուտ նշեց, որ թրքական սպառնալիքը կը հնչէ այն պահուն, երբ ջոկատները Հաճինի ճակատամարտի նախօրեակին յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրեն: Ան ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ դէմ յարձակում մը ուղղակիօրէն պիտի ազդէ Հաճինի ճակատամարտին վրայ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ թրքական բանակը երկու օրէն Եփրատի արեւելեան ափին դէմ յարձակում մը պիտի շղթայազերծէ:
«Սուրիական Մընպեժը 95 առ հարիւրով բաղկացած է արաբներէ, սակայն այնտեղ վերահսկողութիւն հաստատած են ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնց մենք դուրս պիտի դնենք: Մեր թիրախը ոչ թէ ամերիկացի զինուորներն են, այլ այնտեղ գործող ահաբեկիչները», ըսած էր Էրտողան:
Ան նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ ամերիկեան կողմը քրտական ուժերու Մընպեժէն դուրս բերումը չապահովէ, թրքական զինեալ ուժերը լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն պիտի շղթայազերծեն:



