Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քրիստոֆըր Պլեր իր սուրճէն ումպ մը կը խմէ, ապա ուշադիր կը կեդրոնանայ իր դիմաց գտնուող համակարգիչի երեք պաստառներէն մէկուն վրայ: Քրիստոֆըր իր տան «գրասենեակին» մէջ է: Տունը կը գտնուի Փորթլանտէն 45 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին մօտ:
Խիտ մօրուքը սեղմելով` կը նայի համակարգիչին մէջ իր էջանիշներու շրջանակին: Ումպ մը եւս կը խմէ նախքան իր սուրճին պաղիլը, երկար եւ ծանր կը շնչէ, ապա կը հետեւի իր բազմաթիւ կայքերէն մէկուն:
Քրիստոֆըր կը սկսի ընտրել նիւթ մը: Ո՞ր «բախտաւոր» քաղաքական գործիչը այսօր իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պիտի ըլլայ:
Պիլ Քլինթը՞ն, Հիլըրի՞ Քլինթըն: Օպամաներէն մէ՞կը:
Կամ թերեւս իր պատմութեան նիւթը այսօր անձ մը պիտի չըլլայ, այլ` քաղաքականութիւն մը: Զէնքի հսկողութի՞ւն: Ոստիկանութեան վայրագութիւ՞ն: Կիներու իրաւունքնե՞ր: Որեւէ բան, որ կոճակը սեղմել պիտի տայ:

Յաջորդը, մանրամասնութիւնները:
Թերեւս Քրիստոֆըր պիտի հնարէ խնդիր, վէճ յառաջացնող միջադէպ մը. ոճիր մը, նոր օրէնք մը, կամ սահմանադրական փոփոխութիւն մը:
«Փոխել» Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը` յատկապէս զուարճալի է, ինք արդէն գրած է աւելի քան 30 կեղծ փոփոխութիւններ: (Իսկական միայն 27 փոփոխութիւններ կան):
Պլեր հանգիստ կը կռթնի իր աթոռին կռնակին եւ ուշի ուշով կը կեդրոնանայ պաստառին վրայ: Ապա առջեւ կը ծռի, իր ձեռքերը կը տեղաւորէ ստեղնաշարի վրայ եւ կը սկսի ամէն անգամ ըրածին նման:
———————————–
Caps lock. BREAKING.
Արագ լրահոս (BREAKING). «Քլինթըն հիմնադրամ»-ի նաւը գրաւուած է Պալթիմորի նաւահանգիստին մէջ` թմրանիւթեր, զէնքեր եւ սեռային յարաբերութեան համար ստրուկներ փոխադրելու ատեն:
———————————–
Բառերը կը հոսին իր գլխուն մէջի մտածումներէն: Իրականութեան չկապուած, Պլեր փնտռտուքի, հետազօտութեան, նոթերու պէտք չունի: Իր մատները կշռութաւոր կը հարուածեն համակարգիչին տառերը, որոնք կը վերածուին բառերու, բառերը` նախադասութիւններու եւ նախադասութիւնները` շուրջ 200 բառնոց պլոկ-ի մը:
Երկար ժամանակ չի խլեր գրելը:
Հրապարակել: Պլեր հանգիստ կը նստի իր աթոռին վրայ եւ կը դիտէ լայք-երու եւ շեր-երու հոսքը:
Աւելի քան 5000 քիլոմեթր հեռու, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելէն դէպի արեւելք, փոքր քաղաքի մը մէջ կը գտնուի այլ «գրասենեակ» մը, այլ ընտանիքի մը տան մէջ:
Դուրսը, պարտէզին մէջ երեխաները կը խաղան ամառնային տաք կէսօրէ ետք մը: Մարթին Շենք կ՛իջնէ իր տան նկուղի «գրասենեակը»: Անկիւն մը կայ գրասեղան մը, միւս անկիւնը` սառնարան մը, որ լեցուն է դեղձի հիւթով սառած թէյի շիշերով:
Անոր գրասեղանը կը նմանի Պլերի գրասեղանին: Ատոր վրայ կան երեք համակարգիչներու մոնիթըր-ներ, իսկ մեքենաները կոկիկ ձեւով տակը տեղադրուած են: Պաստառներէն մէկուն վրայ ան յանկարծ կը նկատէ աշխուժ գործունէութիւն. Միացեալ Նահանգներ կ՛արթննան եւ էջի մը վրայ բազմացող թիւերը կը գրաւեն Շենքի ուշադրութիւնը:
Ան կը հետեւի հետաքրքրութիւն ստեղծած որոշ պատմութեան մը, որ արագօրէն կը տարածուի Դիմատետրի եւ այլ ընկերային ցանցերու մէջ:

Շենք կը մտնէ իր կայքը եւ կը սկսի մեքենագրել: Անոր գործն է աշխարհին պատմել, թէ առցանց տեսած պատմութիւնը, որ ներկայիս կը տարածուի, «Քլինթըն հիմնադրամ»-ի նաւուն մասին է, որ ենթադրաբար թմրանիւթեր, զէնքեր եւ սեռային յարաբերութեան համար ստրուկներ կը փոխադրէ, ամբողջութեամբ կեղծիք է:
Ատիկա կեղծ լուր է:
———————————–
Կեղծ լուրերու (fake news) ծնունդը
2016 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ժամանակ լրագրողները Դիմատետրի մէջ սկսան նկատել ժահրային (viral) շինծու պատմութիւններու խուժում:
Արտառոց կերպով բազմաթիւ էջեր յայտնուած են Պալքանեան երկիրներէն, եւ էջերու անսովոր կուտակումի մասին BuzzFeed-ի հաղորդումէն ետք, լրագրողները խռնուեցան Մակեդոնիոյ Վելես կոչուող փոքր քաղաքը:
«Ամերիկացիները սիրեցին մեր պատմութիւնները, եւ մենք դրամ կը շահինք անոնցմէ», Պի.Պի. Սի.-ին ըսաւ կեղծ լուրեր տարածող մը: Ան աւելցուց. «Որո՞ւ հոգը, ատոնք իրական են կամ կեղծ»:
Պատմութիւնները գլխաւորաբար Տոնալտ Թրամփի կողմնակիցներուն եւ զօրակցողներուն մասին էին: Այդ պատմութիւնները կը ներառէին տարաձայնութիւններ` Հիլըրի Քլինթընի առողջական խնդիրներուն եւ ապօրինի գործարքներուն մասին, Հռոմի Ֆրանչեսքոս պապի հանրապետական թեկնածուին զօրակցելու մասին պատմութիւններ, նոյնպէս` պատմութիւններ, որոնք վստահօրէն կա՛մ կ՛ուրախացնէին, կա՛մ կը զայրացնէին Թրամփի կողմնակիցները:
«Այժմ յստակ է, որ այսպէս կոչուած` կեղծ լուրերը կրնան համաշխարհային իսկական հետեւանքներ ունենալ». Հիլըրի Քլինթըն

2016 թուականի դեկտեմբերին Հիլըրի Քլինթըն ճառ մը արտասանելով` խստօրէն քննադատեց «անցեալ տարուան ընթացքին ընկերային լրատուամիջոցները ողողած կեղծ լուրերու եւ կեղծ քարոզչութեան համաճարակը»:
Հ. Քլինթըն ըսաւ. «Այժմ յստակ է, որ այսպէս կոչուած` կեղծ լուրերը կրնան համաշխարհային իսկական հետեւանքներ ունենալ»:
Անմիջապէս պարզ չէր, թէ արդեօք ան ընտրութեա՞ն կ՛ակնարկէր: Այն ժամանակ որոշ լրագրողներ մեկնաբանեցին անոր նկատողութիւնները որպէս յղում «pizzagate»-ին, դաւադրութեան տեսութիւն մը, որ առցանց հսկայական համեմատութիւններու հասաւ, եւ որ հրահրեց անձ մը` ներխուժելու Ուաշինկթընի ճաշարան մը եւ հրացանով կրակելու:
Սակայն, անկախ Քլինթընի ըսել ուզածէն, եզրը (fake news) որդեգրուեցաւ իր յաղթական հակառակորդին կողմէ եւ քանի մը շաբաթ ետք բոլորովին այլ ձեւով գործածուեցաւ:
«Դուք կեղծ լուրեր էք». Տոնալտ Թրամփ
Կրքոտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Տոնալտ Թրամփ մերժեց առիթ տալ «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդավար Ճիմ Աքոստայի, որպէսզի իրեն հարցում ուղղէ:
Թրամփ անոր ըսաւ. «Ես հարցում ուղղելու կարելիութիւն չեմ տար քեզի: Դուք (Սի.Էն.Էն) fake news էք»:
Այդ ժամանակէն ի վեր «կեղծ լուրերը» եղած են հիմնական մոլուցքի եւ բանավէճի նիւթ, թէեւ այդ եզրով ըսուածը տարբեր իմաստներ ունի: Ոմանք կը պնդեն բնօրինակի սահմանումին վրայ. այդ տեսակի կեղծ պատմութիւնները քաշքշուեցան մակեդոնացի պատանիներու կողմէ: Ուրիշներ կը նշեն քաղաքական դրդապատճառներով դաւադրութեան տեսութիւններու մասին, թերեւս Հիլըրի Քլինթընի ակնարկածն ալ ատիկա էր:
Բայց մարդիկ «կեղծ լուրեր» եզրը գործածած են նկարագրելու համար անկեղծ սխալներ, կարծիքներ, քարոզչութիւն կամ, նախագահ Թրամփի նման, լրատուամիջոցներ կամ հաղորդումներ, որոնցմէ անոնք պարզապէս չեն ախորժիր:
Ոչ միայն ատիկա, այլեւ «կեղծ լուրերու» դրօշին ներքեւ յաճախ երգիծանք կամ զաւեշտ է, որ երեւութապէս անվնաս է, բայց կրնայ տակաւին մարդիկը ծաղրել` հաւանական ժխտական հետեւանքներով:
Կեղծ Լուրեր (Fake News)
Եզրի Ծնունդը
Քրիստոֆըր Պլեր մեծցած է Մասաչուսեց նահանգի Լովել քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Պոսթընի հիւսիսային արուարձանին մէջ: Անոր խորթ հայրը գործունեայ դեմոկրատական էր, որ անգամ մը թեկնածու առաջադրուեցաւ Մասաչուսեց նահանգի ծերակոյտին:
Պլեր աւելի քան երկու տասնամեակ որպէս շինարար աշխատեցաւ: 2000-ականներու վերջաւորութեան տնտեսական տագնապը երբ հարուածեց, եւ անոր ճարտարարուեստը կործանեցաւ, ան սկսաւ այլ եկամուտի աղբիւր մը փնտռել ազատական քաղաքական պլոկինկ-ի մէջ: Ան կը սիրէր գրել եւ յայտնաբերեց, որ բառերը կեանքի կոչելու շնորհքը ունի: Ան սկսաւ պլոկ մը, առաջիններէն մէկը: Ան նկատեց, որ կ՛ազատագրուի, երբ կ՛ըսէ իր ուզածը` վիճաբանելով ի նպաստ ամերիկեան քաղաքականութեան ձախ թեւի դիրքերուն:
Թէեւ ատիկա հաճելի էր եւ որոշ թիւով ընթերցողներ ունեցաւ, սակայն պլոկինկ-ով կարելի չէր դրամ շահիլ: Եւ այսպէս, ան փորձեց այլ մարտավարութիւն մը: Ան սկսաւ գրել շինծու հեքիաթներ, որոնք նման էին լուրերու իրական վերնագիրներու: Գիտակցութեան հոսքեր սկսան գլուխէն բխիլ ստեղնաշարին վրայ:
Երբ ան առցանց տեսաւ արդիւնքները, հարիւրաւոր եւ հազարաւոր լայք-երը եւ շեր-երը, որոնք կը ստանային իր գրածները, ան վաւերացուած զգաց: Աւելի շատ մարդիկ հետաքրքրուած էին կեղծ լուրերով, քան` Պլերի կարծիքներով կամ ճշմարիտ պատմութիւններով:
Ոչ բոլորը համոզուած էին:
«Դուն այս ամբողջ ժամանակը կը վատնես», ըսաւ կինը: «Ատիկա ոչ մէկ տեղ պիտի հասնի, ոչ մէկ արժէք պիտի ունենայ»:
Սակայն երբ անոր կեղծ լուրերը սկսան լայք-եր եւ շեր-եր ստանալ, ան կրցաւ գործածել Կուկըլի ծանուցումներու հարթակը` դրամով փոխանակելով էջի դիտումները:
2014-ին ան լքեց իր առօրեայ աշխատանքը:
«Երբ գրելը բաւարար չափով եկամտաբեր եղաւ, որպէսզի այլեւս մարմինս չկործանէի շինարարութեան մէջ, այն ատեն ժամանակն էր այլեւս տունը մնալ երեխաներուս հետ եւ ասիկա ընել», կ՛ըսէ ան:
Պլեր ստեղծեց առցանց ինքնութիւններ` գործածելով կեղծանուններ եւ այլ անուններ, ինչպիսիք են` «Պուսթա Թրոլ» եւ «Ֆլեկ Իկըլթըն»:
Ան մարմնաւորեց կերպարները ամերիկացի հայրենասէրներու, որոնք զայրացած են նախագահ Օպամայէն, ազատականներէն, կիներու իրաւունքներու պաշտպաններէն, «Սեւ կեանքի արժէքը» շարժումէն եւ այլն: Ան ուրախացաւ այն մարդոց համար, որոնք սուտերը ճշմարտութեան տեղ ընդունեցին, եւ շեր ըրին պատմութիւնները, կարծես թէ ատոնք եկած էին իսկական լրատու կայքերէն:
Կեղծերու յաջողութիւնը մղեց Պլերը` ստեղծելու դիմատետրեան էջ մը, որ կը կոչուի «Ամերիկայի պաշտպանական վերջին գիծը»: Ատիկա յատկացուած է ծայրայեղ հանրապետականներու եւ նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմնակիցներու մասին կեղծ լուրերու պատմութիւններու:
Վերնագիրները ցնցիչ էին եւ երբեմն նոյնիսկ` վիրաւորական: Անոնք մէկ նպատակ ունէին` հրահրել զգացական արձագանգ, որ մարդիկը կը մղէ ատոնք շեր ընելու:
———————————
BREAKING: Խոշտանգումներու սրահ` Պիլ Քլինթընի նկուղին մէջ, նկարագրուած որպէս «Մեռցնելու սենեակ»
———————————
Պլեր իր գրած վերնագիրները կը նկարագրէ որպէս «խտրական եւ մոլեռանդ»: Բայց ատոնք համաճարակի նման տարածուած են, մարդիկ շեր ըրած են, եւ ատոնք դարձած են դրամ:
Աստիճանազրկող մեքենան
Վերադառնալով Պելճիքա` համակարգչային ծրագրաւորող Մարթին Շենք ստեղծեց ծրագիրի կազմ մը (software), որ կրցաւ յայտնաբերել, թէ ո՛ր պատմութիւնները Դիմատետրի մէջ կը տարածուին: Ան ատիկա անուանեց «Թրենտոլայզըր»:
Ապա ան այդ պատմութիւններուն մասին գրեց իր պլոկ-ին մէջ: Բայց ան կը պայքարէր լսարան, հետեւող գտնելու համար: Ան դէմ էր աշխարհի քանի մը մեծ լրատուական կազմակերպութիւններու: Այն ժամանակ, երբ կը նկատէր տարածուող նիւթ մը եւ կը գրէր, լուրերու մեծ կայքեր արդէն ատոր մասին հաղորդած կ՛ըլլային: Սակայն, ինչպէս Պլերը, Շենք յայտնաբերեց ճեղք մը, երբ կեղծ լուրերու հանդիպեցաւ: Բոլոր այն մարդոց դէմ, որոնք կը սիրէին եւ շեր կ՛ընէին կեղծ պատմութիւններ` հաւատալով, որ ատոնք իրական են, կային ուրիշներ, որոնք կը գնահատէին այն անձը, որ կրնար բացայայտել ատոնց կեղծ ըլլալը:
Միայն այն պատճառով, որ ատիկա տարածուելու միտում ունի, չի նշանակեր, որ ատիկա ճիշդ է
Մարթին Շենքի պլոկ-ի պիտակը
Երբ ան յայտնաբերեց կեղծ պատմութիւններ եւ ատոնց մասին պլոկ ըրաւ, անոր կայքի գործունէութիւնը աշխուժացաւ: Բայց` ոչ զարմանալի չափով (ան Պլերի չափ դրամ չէր շահեր), սակայն իրեն համար բաւարար էր, որպէսզի կեդրոնանայ կեղծ լուրերը խափանելու գործին վրայ:
Անոր պլոկ-ը` «Առաջնորդող պատմութիւններ», սկսաւ կեդրոնանալ ֆէյք-երու վրայ` հետեւեալ պիտակով, նշանաբառով. «Միայն այն պատճառով, որ ատիկա տարածուելու միտում ունի, չի նշանակեր, որ ատիկա ճիշդ է»:
Շենք նոյնպէս նկատեց կաղապարներ եւ առցանց կրկնուող վարք: Օրինակ` շաբաթական հերթականութեամբ ան կեղծ պատմութիւններ տեսաւ Հիլըրի Քլինթընի մահուան մասին: Ամէն շաբաթ ան կը կարդար, որ դեմոկրատական թեկնածուն մահացած է օդապարիկի արկածի, նաւակի արկածի կամ սրտի կաթուածի պատճառով, կամ գլխուն հարուածած է հսկայ բեռնատարի մը շատ մեծ անիւը:
Երբ Շենք խափանեց կեղծ պատմութիւնները, ան սկսաւ տեղեկատուութիւն հաւաքել կեղծ լուրերու կայքերու եւ անոնց ետին գտնուող մարդոց մասին: Շենքի տուեալներու աղբիւրը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ անոր` հետեւելու եւ գտնելու համացանցին մէջ կեղծ լուրեր տարածողները, նոյնիսկ եթէ անոնց կայքերը եւ Դիմատետրը փակուած են:
Ան նկատեց ընդարձակ բնաբաններ: Հիլըրի Քլինթընէն բացի` քուէարկութեան խարդախութիւնը կը նկատուէր կեղծ պատմութիւններու համար ժողովրդական նիւթ մը, ինչպէս` ներգաղթն ու իսլամականութիւնը: Եւ նկատի առնելով կեղծ լուրերու աշխարհի վայրագ սանձարձակութիւնը` ան գտաւ աւելի ու աւելի շատ կայքեր (ներառեալ` Մակեդոնիայէն), որոնք այլ կեղծ լուրերէն կը գողնային բովանդակութիւնը, կամ ատոնք նոյնութեամբ կ՛ընդօրինակէին:
Իրականութեան մէջ շատերը կը գողնային մէկ եւ միակ աղբիւրէ մը:
Այդ աղբիւրը Քրիստոֆըր Պլերն էր:
ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.





