Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Խաճիմպա ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հրաւիրեցինք Աբխազիա եւ վստահ ենք, որ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ»:
Յիշեցնենք, որ Աբխազիոյ նախագահը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հրաւիրած էր Աբխազիա` շնորհակալութիւն եւ խոր գնահատանք յայտնելով «Աբխազիոյ գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը ճանչնալու Սուրիոյ քաջարի որոշումին նկատմամբ»:
Ան վերահաստատեց, որ Աբխազիան կ՛աջակցի «Սուրիոյ ժողովուրդին ու ղեկավարութեան` անոնց պարտադրուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ»:



