Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը «Կամաւորներու Օր» Ձեռնարկով Արժանի Յարգանք Ընծայեց Բազմահարիւր ԼՕԽ-ականներուն

December 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է ԼՕԽ-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն  իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւնը կը բերեն ու ներդրում կ՛ունենան ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող կամաւոր ընկերուհիները, որոնք գիտեն կիսել կարիքաւորին ցաւը, նիւթական օգնութեան հասնիլ համալսարանականներուն ու աշակերտներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, եւ վերջապէս` իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցել ԼՕԽ-ի ճամբով հայ ժողովուրդին:

Արդ, ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներու այս փաղանգին հանդէպ երախտագիտական դոյզն զգացումը կ՛ոգեւորէ զիրենք շարունակելու իրենց նուիրական առաքելութիւնը: Այս առումով «Կամաւորներու օր» խորագրեալ եզակի հանդիսութիւն մը կազմակերպեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը` արժանի յարգանք ընծայելու կամաւոր ծառայողներուն:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան առաջնորդ սրբազանի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան եւ հոծ թիւով խաչուհիներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան նշեց, որ ԼՕԽ-ի կամաւոր ընկերուհիներու բարեգործ բանակը տարիներու խորէն եկած եւ զօրացած կը սլանայ դէպի ապագայ գացող ճամբան կերտելու: Հիմնադիր ընկերուհիներու միակ տեսլականն է անշահախնդրօրէն ծառայել հայուն բարօրութեան ու վերելքին համար`   փոխարէնը ստանալով սրտի ու հոգիի մեծ գոհունակութիւն: Սեւան Կարապետեան- Ադամեան կատարեց «կամաւոր» բառին սահմանումը եւ յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի կամաւոր ընկերուհին որեւէ ժամանակ պէտք չէ վարանի ու տատամսի եւ ծառայութեան ոգին փոքրանայ իր մէջ: Հայ ազգը կարիքը ունի այս կամաւորական փաղանգին, որպէսզի մեր ուսերուն դրուած «հայապահպանումի» այս ծանր աշխատանքը շարունակենք եւ հայեցի դաստիարակութիւնը փոխանցենք գալիք սերունդներուն: Ապա ան քարոզչական յանձնախումբին անունով շնորհաւորեց բոլոր կամաւոր ընկերուհիները  եւ մաղթեց, որ իրենց գիտակցութեամբ եւ բարձր նկարագիրով օրինակ դառնան ուրիշներուն:

Օրուան բանախօսն էր Լուիզա Պապոյեան –  Ազէզեան: Ան յայտնեց, որ կեանքին մէջ ամէնէն արժէքաւոր նուէրը ժամանակն է: Այդ ժամանակը կու տանք մեր աշխատանքին եւ սիրայօժար կերպով մեր ընտանիքի անդամներուն ու սիրելիներուն: Իսկ կամաւոր աշխատանք տանող խաչուհիները իրենց ժամանակէն կու տան զեղչելով իրենց ընտանիքի ժամանակէն նուիրելու համար իրենց ազգի զաւակներուն, ինչ որ ողջունելի է: Հայ ժողովուրդը միշտ բախտաւոր եղած է անսակարկ կամաւորներով, որոնք ծառայած են ազգին, հայ մշակոյթին, հայոց լեզուին, կրթութեան, ծերունիին եւ կարիքաւորին:

Ան բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի հաստատած Կամաւորներու օրը, որուն միջոցով տարին անգամ մը կը յիշենք զիրենք, որոնք կը նուիրեն իրենց ժամանակէն եւ ոգիէն:

ԼՕԽ-ը միակ կանացի կազմակերպութիւնն ըլլալով յաւելեալ պարտաւորութիւն ունի: Ան նշեց, որ այսօր, երբ մարդկային արժէքները անկում կրած են, կիներն են, որոնք կրնան զատորոշել արժէքները, որովհետեւ կինը յեղափոխական է: Ան կրնայ ճիշդ ձեւով դաստիարակել եւ դէմ դնել այս հոսանքին: Եթէ մենք ազգային արժէքները չպահենք, առաջին վնաս կրողները մենք պիտի ըլլանք: Այսօր մենք գոյատեւած ենք շնորհիւ մեր կամաւորներուն, որոնք զինուած մեր ազգային արժէքներով,  աշխատած են եւ այս ջահը փոխանցած  սերունդէ-սերունդ:

Երկրորդ մարտահրաւէրը զարգացումն է: Այս դարը զարգացումի դար է: Չենք կրնար հին զէնքերով նոր թշնամիներուն դէմ ելլել: Ան յայտնեց, որ զարգացումը միայն համալսարան երթալով չ՛իրականանար: Կրնանք ինքնազարգացման միջոցով նոր գիտելիքներ ամբարել:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ան անդրադարձաւ, որ մահէն ետք մեր շիրմաքարերուն վրայ պիտի գրուի երկու թուական` ծննդեան եւ մահուան, իսկ ատոր միջեւ գծիկ մը կայ: Այդ գծիկը մեր կեանքն է, այդ ժամանակը, որ կ՛անցընենք այս աշխարհի վրայ: Մեր որոշումով այդ գծիկը կրնար ըլլալ կարեւոր եւ փոփոխութիւն մը բերել մարդկութեան եւ մեր ընտանիքին: Այդ որոշումը կը վերաբերի իւրաքանչիւրին: Ան կոչ ուղղեց Վրացեանի խօսքով աճելու եւ խտացնելու շարքերը կուռ եւ անսակարկ կամաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ ԼՕԽ-ի արեւը պայծառ ըլլայ եւ միշտ հասնի ամէն կողմ ու լոյսի բանակ դառնանք այս խաւար դարուն մէջ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան յուշանուէր մը յանձնեց դասախօսին:

Գեղարուեստական յայտագիրով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Արի Տագէսեան կիթառով, Ալեքս Տապաղեան կիթառով, Նարեկ Քէշիշեան տհոլով եւ Կասիա Էճիտեան շուիով հայկական եւ միջազգային ճոխ երգերով հանդէս եկան: Իսկ Նժդեհ Պոտրումեան հայրենասիրական երգերով ոգեւորեց ներկաները:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին օրհնութեան խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան մէջբերեց կամաւորի երգին բառերը եւ ըսաւ, որ այս կեանքը կռիւ, պայքար ու նպատակ է: Այս բոլորին մէջ հերոսները ԼՕԽ-ականներն ու կամաւորներն են, որոնք ոչ մէկ ժամանակ փառքը եւ նիւթականը կ՛երազեն: Հայր սուրբը նշեց, որ կամաւոր աշխատողը ոչ մէկ ժամանակ պէտք ունի մարդկային գնահատանքի, որովհետեւ այս գնահատանքը սահմանափակ է, եւ ԼՕԽ-ականը  իր գնահատանքը կը ստանայ միայն Աստուծմէ: Ծառայութեան առաջին գրաւականը սէրն է մեր առաքելութեան ու նմանին նկատմամբ: Երբ սիրով կատարես քու առաքելութիւնդ կամ գործդ, ատիկա արդէն սիրոյ վրայ հիմնուած յաջողութիւն է: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես կամաւորներու այս բանակին: ԼՕԽ-ը ո՛չ միայն անուն, տեսք, դրօշակ, յայտարարութիւն է, այլ նաեւ գործ ու ծառայութիւն է: Ասիկա կամաւորին չափանիշն է: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ թուեց այն բոլոր բարիքները, որոնք կամաւորները կը մատուցեն ԼՕԽ-ի ճամբով հայ ժողովուրդին: Ան ԼՕԽ-ը բնորոշեց իբրեւ շրջուն եկեղեցին հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ, երբ ԼՕԽ-ականը իրեն հետ կը տանի սէր, յարգանք, հաւատք, երկիւղածութիւն եւ նուիրուածութիւն:

Հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակեց եւ ըսաւ, թէ որեւէ առաքելութիւն, որ բռնցքուած կը գործէ, կը յաղթէ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց կամաւորներու բռունցքին վրայ աւելնալու իբրեւ ուժ, կորով եւ խոնարհելու կամաւորի մեծութեան սրբութեան առջեւ:

 

Նախորդը

Քիմիականի Շահագործումը` Մարդկային Զոհերու Գնով

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Երախտաւորներուն Յիշատակին Հոգեհանգստեան Պաշտօն . «Հայապաշտութեան Եւ Հայրենապաշտութեան Գիտակից Մղումով Մեր Նահատակներն Ու Նուիրեալները Կենսաւորեցին Դաշնակցութեան Գործը» Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.