Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը «Աղբալեան – ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շեպիպէն:
Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի աղջիկներէն կ՛ակնկալուի չորրորդ յաղթանակը, իսկ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


